Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անգարա Արեւմուտքին Եւ Միացեալ Նահանգներուն Կոչ Կ՛ուղղէ` Առանց Նախապայմանի Թուրքիոյ «Էֆ-35» Եւ «Փաթրիոթ» Յանձնելու

March 25, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահական պալատի հաղորդակցութեան բաժինի ղեկավար Ֆահրեթթին Ալթուն Արեւմուտքին ու Միացեալ Նահանգներուն կոչ ուղղեց «առանց որեւէ նախապայմանի» իր երկրին «ԷՖ-35» հալածիչներ եւ «Փաթրիոթ» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր յանձնելու:

Ալթուն ամերիկեան «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ ակնարկեց անցեալ շաբաթ լոյս տեսած յօդուածի մը, որ «կ՛առաջարկէր Թուրքիոյ ունեցած «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ դէմ օգտագործել, եւ կը նշէր, թէ ատիկա Ուաշինկթընի եւ Անգարայի միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւման պիտի յանգեցնէ»:

«Գաղափարը, հակառակ անոր որ այսօր ոչ իրատեսական է, վերջերս Արեւմուտքին հետ Թուրքիոյ դիմագրաւած խնդիրներու քննարկման առիթ մը չի ներկայացներ», գրեց ան:

Ալթուն քննադատեց Թուրքիոյ ռուսական հրթիռներ գնելու վերաբերեալ ամերիկեան պնդումները` յայտնելով, որ անոնք կ՛անտեսեն այն իրողութիւնը, թէ «Անգարան առաջինն էր, որ «Փաթրիոթ» համակարգեր գնելու համար դիմեց Միացեալ Նահանգներուն»:

«Նկատի ունենալով, որ Թուրքիան կը գտնուի աշխարհի վրայ ամէնէն վտանգաւոր ու խառնակ շրջաններէն մէկուն մէջ, եւ անոր դիմակայած սպառնալիքները Ուաշինկթընի մերժումով կախարդական կերպով պիտի չքանան, Անգարային կը մնար այլընտրանքներ փնտռել», ըսաւ ան` մատնանշելով, որ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր պաշտօնավարութեան ընթացքին ընդունած էր այդ իրողութիւնը:

«Թուրքերը տակաւին կը յիշեն, թէ իրենց դաշնակիցները ինչպէ՛ս թուրք-ռուսական յարաբերութիւններու ամէնէն լարուած փուլերէն մէկուն ընթացքին իրենց «Փաթրիոթ» համակարգերը հեռացուցին Թուրքիայէն, եւ այդ փորձառութեան լոյսին տակ, թուրք ժողովուրդը այլեւս լուրջի չ՛առներ Արեւմուտքին կողմէ իրենց «Փաթրիոթ» համակարգ մատակարարելու մասին որեւէ ոչ պաշտօնական խոստում», յայտնեց Ալթուն

«Թուրքիան «ԷՖ-35»-ի ծրագիրէն քաղաքական դրդապատճառներով ապօրինի կերպով հեռացնելը դժուար կը դարձնէ Թուրքիոյ նախկին կարգավիճակը վերականգնելու փոխաբերական «ստեպղինը» լուրջի առնելը», գրեց Թուրքիոյ նախագահական պալատի հաղորդակցութեան բաժանմունքի ղեկավարը, եւ Արեւմուտքին ու Միացեալ Նահանգներուն կոչ ուղղեց իր երկրին «առանց որեւէ նախապայմանի» «ԷՖ-35»  հալածիչներ եւ «Փաթրիոթ» տիպի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր յանձնելու:

 

Նախորդը

Հիւսիսային Մեթնի Մէջ Յայտարարուեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան Եւ Միշել Մըրի Ընտրական Դաշինքը. ՀՅԴ-ի Թեկնածու Յակոբ Բագրատունի Մաս Կը Կազմէ «Միասին` Հզօր» Ցանկին

Յաջորդը

ՄԱԿ-ի Մէջ Թուրքիոյ Ներկայացուցիչը Ռուսիան Մեղադրած Է Ռազմական Յանցագործութիւններու Մէջ

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն  Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս  Անոր Ստիպուիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս Անոր Ստիպուիմ»

November 7, 2026
Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ  Լարուածութեան Լոյսին Տակ.  Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին  Ազրպէյճան Այցելելու
Գլխաւոր լուրեր

Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ Լարուածութեան Լոյսին Տակ. Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին Ազրպէյճան Այցելելու

November 7, 2026
Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են  Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն  Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»
Միջազգային

Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.