Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, այսօր` հինգշաբթի, 24 մարտին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Երեւանի մէջ կը հիւրընկալէ Մոնթենեկրոն:
Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 18:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ, սպանացի Խոաքին Քափարոս երէկ իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ կը փորձէ իր կազմը օժտել երիտասարդ մարզիկներով, որոնք անպայման յառաջիկային շատ լաւ արդիւնքի պիտի հասնին` ձեռք ձգելով միջազգային փորձառութիւն:
Անդրադառնալով Հենրիխ Մխիթարեանի, որ աւարտեց իր միջազգային ասպարէզը, մարզիչը ըսաւ, որ ան իր տեղը ունի Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մէջ:
Ան աւելցուց, որ իրեն համար մեծ առաւելութիւն էր Մխիթարեանի հետ խաղալը, սակայն առանց անոր եւս հաւաքականը փորձառութիւն ունի մրցում կատարելու:
Նշենք, որ այս ամսուան աւարտին (29 մարտ), Հայաստան պիտի կատարէ ֆութպոլի բարեկամական այլ մրցում մըն ալ, Օսլոյի մէջ հիւրը ըլլալով Նորվեկիոյ:


