Խրուաթիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի կռփամարտի 22 տարեկանէն վար ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի երկու ներկայացուցիչները` Արթուր Շահբազեան եւ Ռուսլան Ասլիկեան, տիրացան արծաթէ մետալի:
57 քկ դասակարգին մէջ Ասլիկեան, որ աւարտականին մրցեցաւ իտալացի Միչելլէ Պալտասի դէմ, թէեւ երեք ռաունտերուն տիրապետեց իր մրցակիցին վրայ, սակայն իրաւարարները միաձայնութեամբ յաղթանակը տուին իտալացիին:
Իսկ 63,5 քկ դասակարգին մէջ Շահբազեան իր պարտութիւնը կրեց թուրք Կերեմ Էօզմենէն:
Քանի մը օր առաջ, Հայաստանի հաւաքականին մաս կազմող Էլիդա Քոչարեան տիրացած էր պրոնզ մետալի (60 քկ):
Նշենք, որ Կարէն Աղամալեանի գլխաւորած կազմը Եւրոպայի ախոյեանութեան մասնակցեցաւ 15 կռփամարտիկով (12 տղաք եւ 3 աղջիկներ):


