Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Նովրուզի տօնին առիթով շնորհաւորական ուղերձ յղած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
«Ամերիկեան վարչակազմը պիտի շարունակէ աջակցիլ Հարաւային Կովկասի մէջ ժողովրդավարութեան, խաղաղութեան եւ բարգաւաճման հաստատման: Մենք Ազրպէյճանի հետ պիտի աշխատինք նաեւ հասարակաց հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու շուրջ, մասնաւորաբար անվտանգութեան խնդիրներու, շրջանային հաշտեցման եւ տնտեսական նոր կարելիութիւններու փնտռտուքի ուղղութեամբ», նշուած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի շնորհաւորական ուղերձին մէջ:


