ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
ՍԵԴԱ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ-ԳՈՒՐՈՒՅԵԱՆի մահուան առիթով, Գուրույեան, Սամուէլեան եւ Բագրատունի ընտանիքներ շնորհակալութիւն կը յայտնեն ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին, նախկին նախագահներ զօր. Էմիլ Լահուտին եւ զօր. Միշել Սլէյմանին, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ արք. Փանոսեանին, Հայ կաթողիկէ եւ աւետարանական համայնքներու հոգեւոր պետերուն, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան, ներկայ եւ նախկին նախարարներու եւ երեսփոխաններու, արաբ եւ օտար դիւանագիտական ներկայացուցիչներու, լիբանանեան եւ հայկական կուսակցութեանց պետերուն, միութիւններուն եւ բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, ծաղկեպսակով, նուիրատուութեամբ եւ հաղորդակցութեան միջոցներով մասնակից եղան ՍԵԴԱ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ-ԳՈՒՐՈՒՅԵԱՆի մահուան սուգին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէն կը գուժէ կոմիտէի երկար տարիներու վաստակաշատ նախկին անդամին`
ՎԱՐԴԱՆ ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Այնթապ, 1922-ին)
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 20 մարտ 2022-ին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը կը գուժէ իր վաստակաշատ նախկին դպրապետին`
ՎԱՐԴԱՆ ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 20 մարտ 2022-ին:
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Georgi Sabounjian հաստատութիւնը կարիք, ունի հետեւեալ գործերը կատարող պաշտօնեաներու.
- Կարի մեքենայի վրայ աշխատողներու,
Արտածումի փորձառու քարտուղարուհիի մը,
- 3D operator in CAD/CAM:
Դիմել` հեռ. 09-477778 կամ «Սի. Վի.»-ն ղրկել
[email protected] հասցէին:
—————————————
ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ
Զուարթ Գասարճեանի մահուան առիթով`
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Լիւսի Ադամեան 5.000.000 լիբ. ոսկի կը նուիրեն ԼՕԽ-ի «Վ. Տէկիրմէնճեան» խոհանոցին:

