Իսրայէլեան «Քան» հեռասփռումի մարմինը հաղորդեց, որ Իսրայէլի զինումի նախարարական յանձնախումբը հաւանութիւն տուաւ Լիբանանի եւ Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ շրջանային պաշտպանութեան ծրագիրի մը` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը այդ քայլին դիմած է «Իրանի եւ Հըզպալլայի հետ անվտանգութեան կացութեան մագլցումին նկատմամբ մտավախութիւններու լոյսին տակ»:
Յանձնախումբը հաւանութիւն տուաւ «Երկաթեայ գմբէթ» օդային պաշտպանութեան համակարգի ռատարներ եւ հրթիռներ գնել:
Ըստ մարմինին, այդ ծրագիրը կը կրկնօրինակէ իսրայէլեան բանակի` Կազայէն արձակուած հրթիռներու դիմակայման մարտավարութիւնը:
«Քան» նշեց, որ ատիկա «արդիական հրթիռներու արձակման հրամանատարական կեդրոններու եւ շրջանային վերահսկողութեան ճամբով դիմակայման համար շրջանին մէջ պաշտպանութեան հայեցակարգի փոփոխութիւն» կը նշանակէ:


