Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թուրքիա Պէտք Է Վերադարձնէ Հայոց Եկեղեցական Կալուածները Իրենց Իրաւական Սեփականատիրոջ` Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

February 24, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ հովանաւորութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին երէկ` հինգշաբթի, 23 փետրուարի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Հայոց ցեղասպանութիւնը` ճանաչումէն հատուցում» միջազգային խորհրդաժողովին:

Ներկայութեամբ հայ թէ օտար իրաւագէտներու, քաղաքագէտներու, ակադեմականներու, ցեղասպանագէտներու եւ ազգային այլազան մարմիններու ներկայացուցիչներու եւ հրաւիրեալ հիւրերու, «Ճանաչումէն հատուցում» նիւթով այս համագումարին բացումը կատարեց միջազգային օրէնքի դասախօս դոկտ. Նորա Պայրագտարեան:

Անգլերէնով արտասանած իր բացման խօսքին մէջ, դոկտ. Պայրագտարեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ապա ներկայացուց եռօրեայ այս համագումարին նիստերուն արծարծելիք գլխաւոր նիւթերը: «100 տարիէ ի վեր արդարութիւնը տակաւին չէ իրագործուած. այս խորհրդաժողովը պիտի քննարկէ Հայոց ցեղասպանութեան էութիւնը` դատական, իրաւական ու մարդկային իրաւունքներու մօտեցումով», յայտնեց դոկտ. Նորա Պայրագտարեան` ընդգծելով, որ խորհրդաժողովի քննարկումներուն եզրայանգումները պիտի բանաձեւեն Հայոց ցեղասպանութեան արդար պահանջատիրութեան «ճամբու քարտէսը» (roadmap):

Պայրագտարեան շնորհակալութիւն յայտնեց յատկապէս արտասահմանէն եկած հիւրերուն եւ բանախօսներուն, ապա հրաւիրեց Արամ Ա. կաթողիկոսը` իր պատգամը փոխանցելու:

Դարձեալ անգլերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոս յատուկ կերպով բանաձեւեց «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրը` մէջբերումներ կատարելով 1948-ին ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց յայտարարութենէն, պարզելով ցեղասպանութեան համապատասխան հիմնաւորումները:

«Ցեղասպանութիւն» եզրը միայն 1944-ին մուտք գործեց միջազգային օրէնքի բառարանին մէջ», յայտնեց վեհափառը` ընդգծելով, որ խորքին մէջ 1915-ին Թուրքիոյ մէջ գործադրուած արարքները իբրեւ ցեղասպանութիւն սահմանուած են նշեալ յայտարարութեան մէջ:

«Տասնամեակներէ ի վեր մենք կեդրոնացած էինք Թուրքիոյ եւ միջազգային ընկերութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վրայ: Խորքին մէջ, վերջերս ընթացք առած ամերիկեան, թրքական թէ ֆրանսական ապահովագրական դատական հայցերը, ինչպէս նաեւ ամերիկեան ծերակոյտին որոշումը` Թուրքիան մղելու վերադարձնելու հայոց եկեղեցապատկան կալուածները եւ այս գծով 27 օգոստոս 2011-ին թրքական կառավարութեան որոշումը` 1936-էն ի վեր բռնագրաւուած եկեղեցապատկան կալուածները փոքրամասնութեանց վերադարձնելու որոշումը, այս բոլորը եկան վերահաստատելու հատուցման խիստ էական կարեւորութիւնը», շեշտեց Արամ Ա. կաթողիկոս` ընդգծելով, որ Թուրքիա պէտք է թուրք-օսմանեան իշխանութեանց կողմէ բռնագրաւեալ եկեղեցապատկան կալուածներն ու համայնքային սեփականութիւնները վերադարձնէ իր իրաւական սեփականատիրոջ` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան:

Ապա, դոկտ. Նորա Պայրագտարեան կենսագրական հակիրճ տեղեկութիւններ ներկայացուց յատուկ այս առիթով Լիբանան ժամանած դատաւոր Ֆաուսթօ Փոքարի մասին: Նախկին Եուկոսլաւիոյ համար կազմուած Միջազգային դատական ատեանի դատաւորը իր շնորհակալական ու երախտագիտական արտայայտութիւններէն ետք ձայնակցեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին ներկայացուցած եզրերու սահմանումին` դիտել տալով, թէ պէտք է բնորոշել, եթէ 1915-ին պատահածը օսմանեան կառավարութեան կողմէ կիրարկուած ծրագի՞ր էր, թէ՞ որդեգրուած քաղաքականութիւն: Դատախազ Փոքար յարակից բաղդատականներ կատարեց նախկին Եուկոսլաւիոյ, յատկապէս` Սրեպրենիցայի եւ Ռուանտայի ցեղասպանական ջարդերուն ու Հայոց ցեղասպանութեան միջեւ:

Հոգեհանգստեան արարողութենէն պահ մը

Դոկտ. Նորա Պայրագտարեանի կողմէ օրուան երկրորդ օտար բանախօսի կենսագրական ծանօթութենէն ետք, Միջազգային դատական ատեանի դատաւոր Ճօ Վերհովըն խօսք առնելով յայտնեց, թէ խորապէս տպաւորուած է այս համագումարէն: Ան հարց տուաւ, թէ պատահած ջարդերը արդեօք կանխամտածուա՞ծ էին: Ողբերգութիւնը իսկապէս պատահած է, բայց անոր անդրադարձը արդար չէ եղած (ակնարկելով Թուրքիոյ): Ան յայտնեց, որ բազմաթիւ գիրքեր եւ ուսումնասիրութիւններ կարդացած է` աւելի մօտէն, ծանօթանալու համար Հայոց ցեղասպանութեան խորքին ու էութեան: Ան զարմանք յայտնեց, թէ ինչո՛ւ (Թուրքիա) չի ճանչնար Հայոց ցեղասպանութիւնը` դիտել տալով, թէ որքան ալ հանրային կարծիքը ճանչնայ եւ ընդունի Հայոց ցեղասպանութիւնը, Թուրքիոյ կողմէ նմանօրինակ քայլ մը կը մնայ էական: Անկախ թէ ո՛վ է տիրող իշխանութիւնը` պետական կազմն է պատասխանատուն տուեալ հողամասին վրայ պատահած դէպքերուն: Այլ խօսքով` անկախ անկէ, որ օսմանցի՞, թէ՞ այլ պիտակի թուրքեր կատարած են ոճիրը, այժմու Թուրքիոյ կառավարութիւնն է պատասխանատուն անցեալին հոն պատահած դէպքերուն, դիտել տուաւ դատաւոր Վերհովըն:

Աւարտին, ներկաները նախքան հիւրասիրութիւնը ուղղուեցան մայրավանքի Նահատակաց մատուռը, ուր Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին զոհուած մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակին:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէն Այցելեց Միշել Մըրի

Յաջորդը

Սառած Ցամաքամաս Մը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.