Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Անթիլիաս եւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ նախորդ շաբաթավերջին իրենց կատարած մրցումներուն ընթացքին պարտութիւն կրեցին:
ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Պէյրութը, անկէ կրեց 83-47 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Իսկ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ) ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ հիւրը եղաւ Անդրանիկ Սին Էլ ֆիլին, իր կարգին կրեց պարտութիւն մը` 43-37 արդիւնքով:


