Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն նշեց. «Մենք տասնամեակներէ ի վեր Եւրոպայի մէջ պատերազմ տեսանք, եւ պէտք է վստահ ըլլանք Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի պարտութենէն»:
«Փութին մեծ սխալ գործեց անմեղ երկիր մը ներխուժելով, եւ շատ լաւ կը գիտակցէր, թէ Ուքրանիան ՕԹԱՆ-ին պիտի չմիանայ», աւելցուց ան:
«Ռուսիոյ նախագահը պէտք է ձախողի, որովհետեւ եթէ յաղթէ, Ուքրանիոյ սահմաններուն մէջ կանգ պիտի չառնէ, եւ կը կարծեմ, որ Փութին Ուքրանիայէն կը վախնայ, որովհետեւ անիկա ազատ մամուլ եւ ժողովրդավարական ընտրութիւններ ունի»:
«Ռուսիոյ նախագահին յաղթանակը ամէնուրեք բռնատէրներու համար կանաչ լոյս է», ընդգծեց Բրիտանիոյ վարչապետը` նշելով. «Բրիտանիան պիտի շարունակէ աջակցիլ Ուքրանիոյ, եւ ան Փութինի վարչակարգին վրայ պատժամիջոցներ հաստատող երկիրներուն մէջ յառաջատար է»:
Ըստ անոր, «ռուսական պատերազմին նպատակը Արեւմուտքի տնտեսութեան վնաս հասցնելն է»:
«Փութին ռուսական ուժանիւթային աղբիւրները կ՛օգտագործէ զինք դիմակայելու մեր վճռակամութիւնը տկարացնելու համար, եւ ժամանակն է, որ վերատիրանանք ուժանիւթի մատակարարումներուն վրայ մեր վերահսկողութեան», ընդգծեց Բրիտանիոյ վարչապետը` շեշտելով. «Պէտք է վերջ տանք ռուսական ուժանիւթէն մեր կախեալութեան, որպէսզի Փութինին գրպանը յաւելեալ տոլարներ չլեցնենք: Պէտք է յանդուգն քայլեր որդեգրենք»:
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Լիզ Թրէյս իր կարգին նշեց. «Չենք ուզեր խորհրդային ժամանակաշրջան վերադառնալ, եւ պիտի չհանգչինք, մինչեւ որ Ուքրանիոյ գերիշխանութիւնը չվերականգնի»:
«Երբ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի նման բռնատէր մը կը դիմակայենք, պէտք է հասկնանք, որ ան միայն ուժի լեզուէն կը հասկնայ», ըսաւ ան` յայտարարելով. «Բրիտանիան պէտք է վերջ տայ բռնատիրական վարչակարգերուն հետ իր կապերուն, որպէսզի իր անկախութիւնը պահպանէ»:


