Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան (Լեռնալիբանանի նահանգ) Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 19 մարտին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ իրեն մրցակից պիտի ունենայ Սաֆա Շուիթը:
4-րդ հանգրուանի այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Պհամտունի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 15:00-ին:
Իսկ Պէյրութի նահանգին մէջ տեղի ունեցող Դ. դասակարգի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 20 մարտին, ՀՄԸՄ Պէյրութ, Նըժմէի դաշտին վրայ կէսօրէ ետք ժամը 13:30-ին պիտի մրցի Տինամօ Պէյրութի դէմ:
ՀՄԸՄ-ի զոյգ խումբերէն կը սպասուի յաղթանակներու շաբաթավերջ մը:


