Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի 19 տարեկանէն վար ֆութպոլի հաւաքականը 18-21 մարտին մարզական հաւաք մը պիտի կատարէ ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ:
Այս հաւաքը պիտի ըլլայ պատրաստութիւն` «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա. »-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին գծով:
Հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարազդատ Աւետիսեան, որ հրապարակեց այս հաւաքին մասնակցող իր կազմը, պիտի փորձէ լաւապէս պատրաստուիլ հաւաքէն ետք տեղի ունենալիք զտումի մրցումներուն:
Այս հաւաքին մասնակցող 20 ֆութպոլիստներէն 14-ը, մաս կը կազմեն Բանակային կեդրոնական մարզական ակումբի խումբին:
21 մարտին հաւաքականը կը մեկնի Անգլիա, ուր տեղի պիտի ունենան Գ. խմբակի զտումի մրցումները:


