Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուքրանական Ուժերը Զինուորական Յանցագործութեամբ Ամբաստանելով. «Քիեւ Մոսկուայի Հետ Բանակցութիւնները Կը Խոչընդոտէ» Կ՛ըսէ Փութին

March 19, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քրեմլին յայտարարեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին ուքրանական ուժերը ամբաստանած է պատերազմական յանցագործութիւններ գործելու յանցանքով` աւելցնելով. «Քիեւ Մոսկուայի հետ բանակցութիւնները կը խոչընդոտէ»:

Փութին յայտնեց, որ ուքրանական ուժերը Տոնեցք եւ Մաքպիպֆքա քաղաքներուն մէջ թաղամասեր ռմբակոծած են, ինչ որ քաղաքային զոհեր պատճառած է, եւ Արեւմուտքը ամբաստանեց «պատերազմական այդ յանցագործութիւնները անտեսելու յանցանքով»:

Անդրադառնալով ռուս եւ ուքրանացի պատուիրակութիւններուն միջեւ առցանց բանակցութիւններուն` Ռուսիոյ նախագահը յայտնեց. «Քիեւ կը փորձէ բոլոր միջոցներով խոչընդոտել բանակցային հոլովոյթը` նոր անիրապաշտ առաջարկներ ներկայացնելով, սակայն ռուսական կողմը, հակառակ ատոր, պատրաստ է իր շատ ծանօթ սկզբունքային գործելաոճի ծիրին մէջ լուծումներու փնտռտուքը շարունակելու»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով «Ռաշա Թուտէյ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Արեւմուտքը Ռուսիոյ վրայ աննախադէպ ճնշում կը բանեցնէ եւ կը ջանայ զայն մեկուսացնել ու զարգացումը կասեցնելը»:

«Արեւմուտքը Ռուսիոյ դէմ 5 հազար անհատական պատժամիջոցներ հաստատեց, ինչ որ մրցանշային թիւ է, եւ ինքն է, որ դուռը Ռուսիոյ դիմաց կը փակէ եւ մեզի կը հաստատէ, որ անոր կարելի չէ վստահիլ», նշեց Լաւրով:

«Միացեալ Նահանգներ կը ջանան միաբեւեռ աշխարհ հաստատել: Եւրոպան գրեթէ ամբողջութեամբ դադրեցաւ Միացեալ Նահանգներու դիմաց իր անկախութիւնը պաշտպանելէ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Գոյութիւն ունին Չինաստանի, Հնդկաստանի, Պրազիլի եւ Մեքսիքայի նման երկիրներ, որոնք Միացեալ Նահանգներու «երգերուն վրայ պիտի չպարեն»:

«Քիեւ կը գիտակցի, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Ուքրանիոյ վերեւ թռիչքներու արգիլեալ գօտիի հաստատում պիտի չարտօնէ, եւ Ուքրանիան իր գրաւը նուազ պատասխանատու ամերիկացի քաղաքագէտներու վրայ դրած է», յայտնեց Լաւրով` նշելով. «Մենք չենք բացառեր կարելիութիւնը, որ Ուքրանիան Փենթակոնի կենսաբանական տարրալուծարաններու զարգացման մեծագոյն ծրագիրն էր»:

«Ուքրանիայէն նացիականութիւնը արմատախիլ ընելը, ըստ ռուսական հասկացողութեան, ռուսախօս շրջաններուն դէմ խտրականութեան բոլոր օրէնքներուն ջնջումն է. Արեւմուտքը փորձեց Ուքրանիան դարձնել Ռուսիոյ թշնամի պետութեան, եւ այդ ձգտումը իր ազդեցութիւնը ունեցաւ ուքրանացիներուն վրայ», ըսաւ ռուսական դիւանագիտութեան պետը:

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով, խօսելով Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ նախագահներուն միջեւ լուծումի համաձայնագիրի ստորագրման համար հանդիպումի մը կարելիութեան մասին, ըսաւ. «Ատիկա կախեալ է ձեւէն այն փաստաթուղթին, որուն շուրջ տակաւին պէտք է համաձայնութիւն գոյացնել: Կրնամ միայն հաստատել, որ ռուսական պատուիրակութիւնը անհամեմատ աւելի արագ աշխատելու պատրաստակամութիւն կը ցուցաբերէ, քան այժմ կը կատարուի: Դժբախտաբար, ուքրանական պատուիրակութիւնը բանակցութիւններու կշռոյթի արագացման պատրաստակամութիւն չի ցուցաբերեր»:

Ուքրանիոյ հետ բանակցող ռուսական պատուիրակութեան անդամ մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Մենք մօտեցանք Ուքրանիոյ հետ անոր չէզոք կարգավիճակին, ՕԹԱՆ-ին չանդամակցելուն եւ ապազինման վերաբերեալ համաձայնութեան գոյացման:

«Կը քննարկենք ՕԹԱՆ-ին միանալէ հրաժարելուն պարագային Ուքրանիոյ անվտանգութեան երաշխիքներուն վերաբերող կէտեր», նշեց ան:

Նշենք, որ նախապէս Ուքրանիոյ նախագահի գրասենեակի ղեկավարի խորհրդական Միխայլօ Փոտոլիաք յայտարարած էր, որ Փութինի եւ Զելենսքիի հանդիպումը կրնայ տեղի ունենալ համաձայնագիրի պատրաստութեան աշխատանքին աւարտելէ ետք: Քաղաքական գործիչին գնահատումով` ատիկա կարելի է յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին:

Զելենսքի երէկ յայտարարեց, որ Ուքրանիան հակառակ ներկայ պայմաններուն Եւրոպական Միութեան անդամ պիտի դառնայ` նշելով. «Պէտք է Մոսկուայի կառավարութեան ազատութիւնը սահմանափակել եւ ռուսական նաւահանգիստները պաշարել»:

«Սփութնիք Արմենիա» հաղորդեց, որ Չինաստանի նախագահ Սի Ցզինփին երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ: Չինաստանի նախագահին համաձայն, Ուքրանիոյ ճգնաժամը այն չէ, ինչ որ Պէյճինկ պիտի ուզէր տեսնել: «Բախումներն ու դիմակայութիւնը ոչ ոքի ձեռնտու են: Խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը միջազգային ընտանիքի ամէնէն արժէքաւոր հարստութիւնն են», ըսած է ան:

Սի Ցզինփին նաեւ Պայտընին կոչ ուղղած է ջանքեր գործադրելու` համաշխարհային խաղաղութեան եւ հանգստութեան պահպանման համար:

Պայտըն իր չին պաշտօնակիցին հետ զրոյցի ընթացքին անկէ խնդրած է Փութինի վրայ ազդել, որպէսզի Ուքրանիոյ մէջ յատուկ գործողութիւնը դադրեցուի: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտնած է, որ բանակցութիւններուն ընթացքին Պայտըն Չինաստանի ղեկավարը պիտի զգուշացնէ պատասխանատուութեան մասին, եթէ ան աջակցութիւն ցուցաբերէ Ռուսիոյ` Ուքրանիոյ մէջ տիրող կացութեան հարցով: Անոր համաձայն, Ուաշինկթըն կոչ կ՛ուղղէ բոլոր երկիրներուն, «յատկապէս այն երկիրներուն, որոնք անմիջական ազդեցութիւն ունին Ռուսիոյ վրայ, օգտագործելու իրենց ունեցած բոլոր լծակները»:

 

Նախորդը

«Պէտք Է Քանդել Փութինի Ուժը» Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Փոխվարչապետը

Յաջորդը

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն Մէջ. Նախագահ Ասատ Հանդիպում Ունեցաւ Ապու Տապիի Գահաժառանգին Հետ

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.