Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, երէկ
«Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ) տեղի ունեցած Տինամօ-Սաժես Պէյրութ մրցումը աւարտեցաւ երկրորդին յաղթանակով` 89-83 արդիւնքով:
Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 22-22, 18-16, 22-26, 21-25:
Բացառիկ ներկայացում մը ունենալով` յաղթական կազմէն` Սաժեսէն տապըլ տապըլ մը իրագործեց Ալի Մըզհեր (17 կէտ, 18 էսիսթ):
Նոյնը իրագործեց անոր խմբակից Քրիսթոֆ Խալիլ (28 կէտ, 11 ռիպաունտ):
Իսկ Տինամոյէն Ալի Հայտար նշանակեց 42 կէտ:
17-րդ հանգրուանի բացման ծիրին մէջ, Շանվիլ, որ հիւրընկալեց Անդրանիկ Պէյրութը, արձանագրեց 85-65 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Յաղթական կազմէն Փաթրիք Պու Ապպուտ տապըլ տապըլ մը իրագործեց (27 կէտ, 13 ռիպաունտ):


