Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուքրանահայ Գաղթականներ Հասած Են Ժընեւ

March 18, 2022
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ժընեւի մեր աշխատակիցը՝ Մաթիկ Էպլիղաթեան կը գրէ:

Արդէն երեք շաբաթներէ ի վեր շարունակուող ռուս-ուքրանական պատերազմին պատճառով միլիոնաւոր գաղթականներ հերթաբար կը հասնին Եւրոպա:

Զուիցերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ եւ Ժընեւի հոգեւոր հովիւ Գուսան վրդ. Ալճանեանէն ու Ծխական խորհուրդի ատենապետ Օննիկ Գազանճեանէն քաղուած տեղեկութիւններէն կ՛իմանանք, որ շուրջ քսանհինգ  ուքրանահայեր Քիեւէն, Խարքովէն եւ Օտեսայէն հասած են Ժընեւ, ոմանք Ուքարնիա ապրող Հայաստանի քաղաքացիներ են:

Անոնց համար առժամեայ կեցութիւն ապահովուած էր գաղութի ընտանիքներու մօտ, հոգալով նաեւ անոնց անմիջական կենցաղային կարիքները, ապա զանոնք փոխադրած են Ժընեւէն հարիւր քսանհինգ քիլոմեթր դէպի հիւսիս գտնուող Նիւշաթել նահանգ, ուր հաստատուած է կեդրոն մը` ֆրանսախօս շրջանի մէջ ուքրանացի գաղթականներ ընդունելու եւ անոնց կեցութեան թուղթերը պատրաստելու ու բնակավայրեր յանձնելու աշխատանք տանող:

Ժընեւի գաղութի զաւակներէն ոմանք կը հեռաձայնեն Ծխական խորհուրդին` իրենց պատարաստակամութիւնը յայտնելով, հիւրընկալելու գաղթական հայորդիներ: Օննիկ Գազանճեանէն իմացանք, որ այս գծով իր օժանդակութիւնը կը բերէ նաեւ Զուիցերահայ միութիւնը  (UAS), որուն ատենապետ Մեկանոյշ Պագրամեանի հետ յաճախակի կապի մէջ են:

Գուսան վրդ. Ալճանեան յայտնեց նաեւ, որ խօսած է Ուքրանահայոց թեմի առաջնորդ Մարկոս եպիսկոպոս Յովհաննիսեանի հետ: Յառաջիկայ կիրակի Ժընեւի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ մկրտութիւն պիտի կատարուի ուքրանահայ քառանդամ ընտանիքի մը:

Ժընեւի Նահանգային կառավարութիւնը, օդակայանի կից՝ միջազգային տօնավաճառի կեդրոնին մէջ, անմիջական միջոցներ ի գործ դրած է` ժամանակաւոր կերպով լուծելով գաղթականներուն կեցութեան հարցը: Իսկ Զուիցերիոյ դաշնային իշխանութիւնը կեցութեան յատուկ դրութիւն հաստատած է Ուքրանիայէն հասած գաղթականներու համար. արդարեւ, անոնց կը տրուի «S» կարգավիճակ, որուն շնորհիւ կարելիութիւն կ՛ունենան շրջագայիլ եւրոպական երկիրներու մէջ, ինչպէս նաեւ կը ստանան թոշակ ու բնակարան: Ցարդ Զուիցերիա հասած են շուրջ տասը հազար գաղթական ուքրանացիներ:

 

 

 

Նախորդը

Ուաշինկթըն. «Միացեալ Նահանգներն Ու Իրանը Հիւլէական Գործարքի Վերակենդանացման Շուրջ Փոխադարձ Հասկացողութեան Հասնելու Մօտ Են»

Յաջորդը

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ Քառորդ Աւարտականի Մրցումներուն Վիճակաձգութիւնը

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 29, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 22, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.