Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

95-ամեայ «Ազդակ Օրաթերթ»-ին Անցելապանծ Յոբելեանին Առիթով

March 15, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Սիրելի՛ ընթերցող, յարգընծայ արժեւորումով կը ձօնեմ այս սիւնակս «Ազդակ» օրաթերթին ցնծաբաշխ ու հպարտառիթ 95-ամեակին:

Ստոյգ է, որ «5 մարտ 1927» թուականը ոսկետառ պիտի գրուի հայկական մամուլի պատմութեան մէջ:

Հաւաստիացումիս պատճառը հանրածանօթ է բոլորիս եւ բոլորին: «Ազդակ» օրաթերթի հիմնադրումին տարեթիւն է:

Այդ բարեբաստիկ, այո՛, օրհնեալ թուականէն ի վեր «Ազդակ» սկսաւ, շարունակեց, կը շարունակէ եւ պիտի շարունակէ իր աննահանջ ու բիւրաբեղուն գոյերթը` իր ընթերցողներուն` յատկապէս եւ հայ հանրութեան` ընդհանրապէս, հրամցնելով այլազան ու բազմասեռ նիւթեր` ազգային, հասարակական, մշակութային, ներգաղութային, համայնքային, սփիւռքահայ եւ հայրենապատում կեանքին մասին:

Անշուշտ, որ անպակաս են ազգագրական, տնտեսական, քաղաքական, գիտական, պատմական, աշխարհագրական, եկեղեցապատմական, կրօնաբարոյական ու տօնածիսակարգային գրութիւններ, ինչպէս նաեւ` հմտացուցիչ գիտելիքներ, օգտակար լուրեր ու հետաքրքրական տեղեկութիւններ:

Յստակ է բոլորիս եւ բոլորին, որ «Ազդակ» պաշտօնաթերթն է ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին: Ուստի բնական ու տրամաբանական է, որ ունենայ, ունի՛ եւ պիտի ունենա՛յ, իր ուղղութիւնները, առանձնայատկութիւններն ու հետապնդած նպատակները` միշտ, սակայն իր շատ կարեւոր նպաստը նաեւ բերելով` քաղաքացի հայուն մարդակերտումին, նկարագրակերտումին, հայապահպանումին, տոհմային ինքնութեան եւ հայավարի պատկանելիութեան համար տարուած աշխատանքներուն:

«Ազդակ» իր էջերը միշտ բացաւ ու կը բանայ տրուպիս առջեւ, որ ո՛չ կուսակցական եղած եմ եւ ո՛չ շարքային եմ: Իմ կուսակցութիւնս յաւերժափառ Հայութիւնս է` իր Մեծասքանչով ու Խոր Վիրապով, իսկ իմ կուսակցավայրս աստուածադրախտ Հայրենիքս է` իր Արարատով եւ Երեւանով:

Արդարեւ, եւ այս իրողութիւնը կ՛իմացնեմ անհուն երախտագիտութեամբ, որ արդէն 1983-ին սկսայ գրել «Ազդակ»-ին մէջ, բնականաբար` շատ ընդհատումներով, որոնք կախեալ եղան առաքելավայրերուս փոփոխութենէն:

Աշխատակցութեանս զենիթը հանդիսացաւ 18 ապրիլ 2011 – 26 հոկտեմբեր 2014 ժամանակաշրջանը, որուն ընթացքին «Ազդակ»-ի յարգարժան տնօրէնութենէն տրուպիս կարելիութիւնը տրուեցաւ գրելու 179 սիւնակները` «Սիրելի՛ ընթերցող»-իս ուղղուած իբրեւ «Կիրակնօրեայ խօսք»:

Հետեւաբար մեր 95-ամեայ «քաղաքական ու գրական օրաթերթ»-ին յոբելեանը, հոգ չէ թէ, «համավարակէն մինչեւ Լիբանանի տնտեսական ծանրագոյն պայմաններ»-ուն պատճառներով, «մենք նոյն տարողութեամբ չենք նշեր այս յոբելեանը նաեւ հրատարակչական իմաստով», կը բացատրէ մարտ 5-ի «Խմբագրական»-ը` մատնանշելով 80 եւ 90 ամեակներուն առիթով լոյս ընծայուած բացառիկները, այսօր կու գայ ինծի վերյուշելու մօտ 40 տարիներու իմ սրտակցութիւնս «Ազդակ»-ին հետ, վստահաբար, նաեւ մտաբերել տալով աւելի քան 50 տարիներու տեւողութեամբ ունեցած աշխատակցութիւնս 30-է աւելի այս պարբերականին եւ այն լրագրին կամ այս հանդէսին ու այն տարեգրքին:

Ուստի, ընդհանրապէս հայ մամուլին ու մասնաւորապէս «Ազդակ»-ին հետ այս գրական համագործակցութեանս առթող հոգեպարար գոհունակութեամբս կը յայտնեմ իմ սրտաբուխ շնորհակալութիւնս եւ իմ հայատրոփ զգացումներս յոբելեարին հետ առնչուած ու առնչուող անձերուն, անխտիր բոլորին` պահակին, դռնապանին, տնտես մայրիկին, ցրուիչին, գրաշարողին, տպագրողին, սրբագրիչին, թղթակիցին, աշխատակիցին, յօդուածագիրին, քարտուղարուհիին, խմբագիրին, խմբագրապետին պատասխանատուին, նուիրատուին ու բարերարին:

Շնորհակալութեանս համընթաց ա՛յս է իմ աղօթախառն մաղթանքս, որ «Ազդակ» շարունակէ՜ իր գոյերթը` անխորտակ-անպարտելի գոյապայքարով տօնախմբելու յոբելեաններ, եւ, ինչպէս «հայ լրագրութեան առաջին ակնառու պատմաբանն» (Մ. Ա. Բաբլոյեան) ու հայատառ մամուլին անդրանիկ տեսաբանը` հ. Փիլիպպոս վրդ. Ճամճեան (1819-1853) Վիեննական Մխիթարեանը կը մաղթէր մի՛շտ ըլլալու եւ մնալու «ազգասիրութեամբ վառուած լրագիրը», որուն նիւթերու ընտրութիւնն ու բազմազանութիւնը յա՜ր ներշնչեն ընթերցողներուն տոհմային ոգին եւ դարբնեն ինքնամոռաց կտրիճներ` համազգային ու հայրենանպաստ վերելքին տեսլականով:

Այնճար, 5 մարտ 2022

Նախորդը

Հայաստան, Ազրպէյճան Եւ Թուրքիա` Ռուսիոյ Եւ Արեւմուտքի Միջեւ

Յաջորդը

Շնորհաւոր 95-ամեայ Տարեդարձ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.