Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարներ Զաքիր Հասանով եւ Հուլուսի Աքար շաբաթ օր հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած են շրջանային անվտանգութեան առնչուող հարցեր, ինչպէս նաեւ երկկողմանի զինուորական համագործակցութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը` յղում կատարելով Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան:
«Ազատութիւն»-ը կը նշէ, որ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը տեղի կ՛ունենայ Արցախի մէջ շարունակուող լարուածութեան պայմաններուն մէջ:


