Պելճիքայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 31-րդ հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին, Ֆ. Ք. Պրիւժ, որ հիւրը եղաւ Ուսթենտէին, արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Սարգիս Ադամեան կերտեց իր կազմին այս կարեւոր յաղթանակը տուպլէ մը իրագործելով (17-րդ եւ 32-րդ):
28 տարեկան յառաջապահը փոխարինուեցաւ 80-րդ վայրկեանին:
Նշենք, որ ան այսպիսով նշանակեց տարեշրջանի իր չորրորդ կոլը:
Անոր կազմը այժմ կը գրաւէ դասաւորման երկրորդ դիրքը` 63 կէտով, մինչ պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի Իւնիոն Սենթ Ժիլուազ, որ ունի 70 կէտ:


