Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

2022 – «Սփիւռքի Տարի». Արձագանգելով Հռչակագիրի Կոչին

March 14, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Տարիներէ ի վեր, գեղեցիկ աւանդութեան համաձայն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. յատուկ հռչակագիրով բացուող Նոր տարին կը յայտարարէ դէպքի մը կամ երեւոյթի մը նուիրուած` ժողովուրդին թելադրելով ամբողջ տարուան ընթացքին հետեւիլ այս հռչակագիրի կոչին եւ տրուած յորդորներուն, կէտերուն, ինչպէս նաեւ դրական ուղիներ որոնեն եւ աշխատին նոր ծրագիրներ իրականացնելու ի խնդիր:

Մեկնելով սփիւռքեան բազմազան եւ բազմաշերտ մտահոգութիւններէն` Կիլիկիոյ կաթողիկոսը 2022 տարին հռչակեց «Սփիւռքի տարի»:

Նման պատմական հռչակագիրի մը առթիւ անարդար պիտի ըլլայ, որ հայ գրիչներ, յատկապէս` սփիւռքահայ, ինքնահաճոյ մօտեցումով եւ կամ գրիչի ծայրով փորձեն խօսիլ, անդրադառնալ եւ կամ մակերեսային վերլուծումներ կատարեն, որովհետեւ հրամցուածը ազնիւ ցանկութիւն է եւ պատասխանատու մօտեցում կ՛ենթադրէ ու կը պահանջէ: Արդարեւ, խորքին մէջ հռչակագիրը նաեւ կը միտի նոր երազի նման սփիւռքեան մեր հասարակութիւնը արթնցնել, միւս կողմէ ալ` հայուն սրտին արդար եւ գեղեցիկ դիմագիծ ու ինքնութիւն տուող նոր տրոփում եւ մանաւանդ նոր հորիզոններ բանալ, ճոխացնելու համար անոր վաղուան սպասուած յոյսը:

Լոյսի նման ճշմարտութիւն ըլլալով հանդերձ, նաեւ նորութիւն մը չէ, երբ յիշենք, որ սփիւռքը ոչ միայն անբնական կացութեան հետեւանք-արդիւնք է, այլ նաեւ` քաղաքական մեծ խաղի մը ողբերգու զոհ: Ու դարձած է ցիրուցան:

Հաւատացէ՛ք, սփիւռքը հայուն համար հայրենիք չէ եւ չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ «ցուրտ» եւ «խաբուսիկ» է: Ահա` հայու ճակատագիր եւ հայոց պատմութիւն: Հոն միշտ առկայ են հայուն աստիճանական քայքայումն ու մաշումը: Մտահոգութիւն: Բայց այլեւս անիմաստ է անորոշը անիծել: Կարիք չկայ:

Թէեւ ժամանակներն ու անոնց պայմանները փոխուած են, բայց նաեւ փոխուած է ինք` սփիւռքահայը: Կամայ թէ ակամայ ան սկսած է գոհանալ կիսամիջոցներով` անիմաստ եւ ժամանակավրէպ: Եւ որովհետեւ ան օտար երկրի մը մէջ կ՛ապրի, ուստի եւ բնականաբար օտարահպատակ է: Այս ձեւով արդէն իսկ շատ «բան» կորսնցուցած է իր էութենէն: Մտահոգութեան ալիքները միշտ կան, եւ իբրեւ սփիւռքահայեր` մենք բոլորս ալ շօշափելի կերպով կը զգանք այս բոլորը: Այս է մեր ներկայ վիճակը: Օտարացման գերանդին գրեթէ ամէն օր անթիւ զոհեր կը հնձէ մեր շարքերէն: Մեզմէ շա՜տ շատեր կը պայքարին հայ կեանքի ապերախտ պայմաններու դէմ: Բայց անդին կայ նաեւ բազմութիւն մը, որ դժբախտաբար, կամայ թէ ակամայ, իր սեփական խեղճութեան գիտակցելու ունակութիւնն իսկ չունի: Ահա անոր համար է այս հռչակագիրը: Տեղին եւ ժամուն: Ներշնչող հոգեկան իրականութիւն:

Եւ նաեւ պէտք է ըսել, որ սփիւռքները իրարու չեն նմանիր: Թէեւ ունին նոյն մտահոգութիւններն ու հաւանաբար նոյն «վերջաւորութիւնները», սակայն իրենց ապրած երկիրներու պետական պայմանները յստակօրէն կը տարբերին: Տեղ մը ազատ փոքրամասնութիւն են, ուրիշ տեղ` «խեղդուած» կամ հազիւ շնչող քաղաքացի:

Բայց բոլորին մօտ ալ «զոհերն» ու «կորուստները» նոյնն են: Ուրեմն սփիւռքներու աշխարհը ուրիշ է:

Այս բոլորին մասին ներկայիս ահազանգ հնչեցնելն ալ աւելորդ եւ անիմաստ է: Բոլորս ալ լաւատեղեակ ենք ներկայ մեր իրավիճակի մասին: Ուրեմն կանգ առնելու եւ մտածելու ժամանակ չկայ: Գործի պէտք է անցնիլ:

Մեզի կը մնայ մօտէն հետեւիլ այս հռչակագրի բոլոր կէտերուն ու մտածումներուն եւ գործնական միջոցներու անցնիլ: Առաջարկուածը յստակ է. մեր նոր ապագայի պատրաստութեան համար է: Նոր հայութիւն: Անոր համար ալ բոլորս որոշ եւ յստակ առաքելութիւններ ունինք:

Արդարեւ, հռչակագիրին մէջ հայ նոր կեանքի յոյսն ու լոյսը տեսնելու համար պայման է նախ տրամադրուիլ, ծրագրել եւ սփիւռքահայ նոյն գաղութին մէջ ապրող հայրենակիցներու «ուժերը» միաւորել: Փորձել, յանուն վաղուան, այդ յոյսին եւ լոյսին համար, միասնաբար եւ համագործ ծրագրել ու գործել: Աշխատիլ: Համախմբել գաղութի դրական միտքերը, որպէսզի հաւատք ստեղծուի, եւ լուծումներ որոնուին: Այս առթիւ պայման է, որ գաղութին մէջ շեփորուի ազգային գիտակցութիւնը: Ու այս մէկը` սկսելով տուներէն, դպրոցներէն, հայ կեդրոններէն: Այս առթիւ մամուլը իր մեծ դերը ունի խաղալիք, ինչպէս նաեւ` շրջանի մտաւորականն ու անոր գրիչը, փորձագէտն ու անոր փորձառութիւնները, հայ գիտնականն ու տնտեսագէտը:

Մէջտեղը աղէտ մը կայ` տեսանելի եւ վշտալի, որ գործնական քայլերու կը կարօտի:

Բայց անպայման եւ էական է ունենալ ու տեսնել այս բոլորը լսողն ու գործադրողը:

Հարկ է գաղութին մէջ բոլոր կազմակերպութիւններու, հին ու նոր միութիւններու միջեւ բանալ երկխօսութեան ազնիւ դռները: Ի մի բերել բոլոր անոնք, որոնք լաւատեղեակ են եւ ատակ` «նաւարկելու» հայուն սպառնացող հոսանքներու ընդմէջէն եւ գիտեն հայ մնալու եւ ապրելու գաղտնիքը, նաեւ` խոհեմ ու դրական լուծումներ ծրագրելու կերպերը:

Սակայն ո՞վ այս բոլորը պիտի կազմակերպէ: Ինքզինք իբրեւ ղեկավար համարո՞ղը, թէ՞  հաստատութիւնը կամ միութիւնը: Արդեօք հրամցուցած հռչակագիրի կէտերէն բոլորն ալ լաւապէս ներշնչուա՞ծ են: Չեմ գիտեր: Միայն այն գիտեմ, որ այսօր սփիւռքը տարբեր կառոյց դարձած է: Ժամանակին ժամանակաւոր էր, իսկ հիմա` մնայուն եւ տեւական: Միւս կողմէ` տեսանելի է, զիրար չխաբենք, երկպառակտուած ալ է: Բաժանուած: Յաճախ անգլուխ եւ յաճախ ալ` այլամերժ ու հակասող: Փոխուած են ապրելու եւ գոյատեւելու պայմանները, որոնք նաեւ սկսած են ներքնապէս հայ կեանքը հիւծել: Հսկայ եւ տխուր իրականութիւն:

Բայց, փա՜ռք Աստուծոյ, ամէն բան տակաւին չէ կորսուած: Անոր համար է այս հռչակագիրը, որպէսզի եղածն ալ չկորսուի: Չհալի: Անոր համար եւ անյապաղ բոլորիս հրաւէր մըն է, որ ստանձնենք մեզի թելադրուած կամ վերապահուած յատուկ դերերը: Մենք` իբրեւ  ծնողք, դպրոց, աշակերտ, ուսուցիչ, գրող, մամուլ, մտաւորական, համեստ հայ, միութենական, հոգեւոր հովիւ եւ կամ կազմակերպութեան ղեկավար:

Լա՛ւ յիշենք, որ հայ լեզուն հայութիւնը միաւորող կամուրջ է: Հայ լեզուն սփիւռքը պաշտպանող վահանն է, եւ յաճախ զգալի է անոր բացակայութիւնը մեր տուներէն, փողոցներէն, միութենական ժողովներէն եւ նոյնիսկ հայկական վարժարաններու շրջափակերէն ներս: Ուստի պայման է համախմբել հայ միտքերը, որպէսզի հաւատք ստեղծուի: Լեզուի ներկայութեան եւ գործածութեան մասին լրջօրէն եւ լաւապէս մտածել եւ ծրագրել է պէտք: Նաեւ մեծ ճիգ է պէտք` խարազանելու համար սփիւռքահայ մեր ներկայ յուսահատութիւնը:

Հռչակագիրը սփիւռքեան մեր վերազարթօնքի մաքուր հրաւէր մը ըլլալով հանդերձ, նաեւ կը միտի նոր ժամանակներու սփիւռքեան հայութիւն ծրագրել: Ժամանակի եւ միջավայրի պայմաններու նոր միջոցառում եւ լուսաւոր կէտեր փնտռել: Փորձել հայը իբրեւ արթուն զանգուած պահել: Վերջ ի վերջոյ ստիպուած ենք նոր եւ գալիք սերունդներու մասին մտածել: Էական ու կենսական է ունենալ երկար եւ մանաւանդ առողջ տարիներու համար ուսումնական, ընկերային եւ ազգային ծրագրուած ռազմավարութիւն` հայու ինքնութեան հաւատարիմ մնալու ճիգերով:  Այլ խօսքով` նոր սրբազան առաքելութիւն: Չհաշտուիլ սփիւռքի ներկայ, ժամանակավրէպ, հին ներկի նման գոյնը նետած կացութիւն-իրականութեան հետ:

Արդեօք պատրա՞ստ ենք նման յանձնառութիւններ վերցնելու եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսին առաջարկած նիւթաբարոյական դժուարութիւնները դիմագրաւելու եւ յաղթահարելու: Ամերիկա կ՛ապրինք: Արդէն Ամերիկան իր կաթսային մէջ ձուլած է մեր մարդկային բոլոր հոսանքները: Ձրի զոհեր չդառնանք: Անոր համար հարկ է լրջօրէն որոնել Ամերիկայի մէջ հայ մնալու գաղտնիքը եւ զայն փոխանակել սփիւռքեան այլ գաղութներու հետ:

Լա՛ւ յիշենք. ամուր եւ հայեցի սփիւռքը հայրենիքին ալ յոյս եւ ուժ կը ներշնչէ:

[email protected]

 

Նախորդը

Արցախեան Վերջին Պատերազմի Ամէնէն Ցաւոտ Հետեւանքներէն Մէկը` Մշակութային Յուշարձաններուն Ճակատագիրը

Յաջորդը

Նշմար. Որպէսզի Չկրկնուի Ստապատիր «Յաղթելու Ենք»-ը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.