Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Որպէսզի Թռիչքը Վախէն Հաճոյքի Վերածուի

March 14, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ԱՐԹԻՆԵԱՆ

Ճամբորդութիւնը մարդկային կեանքի անբաժան մէկ մասն է` տարբեր նպատակներով կատարուած (գործ, զբօսաշրջութիւն, գաղթ եւ այլն…), բայց եւ այնպէս մարդ անպայման, գէթ անգամ մը այս փորձառութիւնը կ՛ապրի:

Մերօրեայ ճամբորդութիւնը ընդհանրապէս օդանաւով կ՛ըլլայ, յատկապէս եթէ ուղղութիւնը հեռու է: Օդանաւն ալ ոմանց համար հաճոյք եւ ուրախութիւն, ուրիշներու համար վախ եւ անձկութիւն կը պատճառէ, ոմանք պրկուած եւ ժխտական տրամադրուած կը բարձնանան օդանաւ, առանց յստակ պատճառի, իսկ ուրիշներ հետաքրքրական արկածախնդրութիւն եւ ուղեւորութիւն կը նկատեն օդանաւ ելլելը:

Դրականը, հաճոյքը եւ հանգստութիւնը տիրական դարձնելու նպատակով, անդրադառնանք կարգ մը երեւոյթներու եւ հիմնական կէտերու:

Ինչպէ՞ս կրնանք թռիչքի վախը
յաղթահարել

Ձեզմէ շատեր թռիչքի վախ ունին եւ չեն գիտեր ինչպէ՛ս զայն յաղթահարել կամ այդ զգացումէն խուսափիլ:Սակայն, որպէսզի կարենանք այդ մէկը կատարել, պէտք է հասկնալ ատոր դրդապատճառը, գիտնալ, թէ ի՛նչն է, որ պատճառ կը դառնայ այդ անձկութեան զգացումին: Անգամ մը որ հասկնանք այդ զգացումներուն աղբիւրը, պիտի կարենանք թռիչքի ժամանակ հակակշռել զանոնք:

1.- Վստահեցէք ձեր օդաչուին

Առաջին հերթին պէտք է հասկնաք, որ օդանաւի մը թռիչքը բարդ խնդիր մը չէ, եւ օդաչուները լաւապէս մարզուած եւ արհեստավարժ են. անոնք երկար ժամանակ կը մարզուին ապահովելու համար ճամբորդներուն եւ թռիչքին անվտանգութիւնը, նաեւ  լաւապէս պատրաստուած են ամէն տեսակ արտակարգ կացութիւններու եւ արտասովոր խնդիրներու, որոնք կրնան պատահիլ օդանաւի մը մէջ: Մէկ խօսքով ապահով ձեռքերու մէջ էք:

2.- Խուսափեցէք «եթէ յանկարծ» հարցումէն

Որքան աւելի օդանաւերուն եւ անոնց աշխատելու ձեւին վերաբերեալ թեքնիք տեղեկութիւն ունենաք, այդքան դուք ձեզ աւելի հանգիստ կը զգաք: Մի մտահոգուիք իւրաքանչիւր ձայնէ կամ շարժումէ,  որոնք կ՛անհանգստացնեն ձեզ: Կարեւորագոյնը` դադրեցէք «եթէ յանկարծ այս կամ այն պատահի» ըսելէ եւ այդ մասին մտածելէ: Օդանաւը պատրաստուած է, որպէսզի թռիչքի իւրաքանչիւր հանգրուանի հանգիստ ընթացքը ապահովուի: Այդ հանգրուաններն են թռիչք առնելը, թռիչքը եւ էջք կատարելը, որոնցմէ իւրաքանչիւրը միւսէն տարբեր է, եւ օդաչուն իւրաքանչիւր հանգրուանի կ՛օգտագործէ եւ կը հսկէ օդանաւի տարբեր կէտերուն: Եթէ ժամանակ ունիք կամ օդաչու բարեկամ մը ունիք, լաւ է առնուազն որոշ տեղեկութիւն ունենալ թռիչքի տարբեր հանգրուաններուն մասին, որպէսզի ընտելանաք եւ կարողանաք կանխատեսել, թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ կամ ի՛նչ պէտք է ակնկալել:

3.- Մի աճապարէք

Այո՛, մի աճապարէք: Այս ըսելով նկատի ունիմ աճապարանքը օդակայանին մէջ, թռիչքի ատեն, պայուսակները յանձնելու եւ ստանձնելու պահուն: Այլ խօսքով, ձեր տունէն դուրս գալու եւ օդանաւի  ձեր աթոռին նստելու ամբողջ գործողութիւնը պէտք է կատարուի կատարելապէս հանդարտ ձեւով: Որքան աճապարէք, այդքան կը բարձրացնէք ջիղերու լարուածութեան մակարդակը: Ուշացա՞ծ եմ: Բան մը մոռցա՞յ: Ժամանակ ունի՞մ օդակայանէն գնում ընելու: Օդաչուն ինծի պիտի սպասէ՞ եւ բազմաթիւ այլ հարցումներ, որոնք ձեզ հետզհետէ աւելի պրկուած պիտի դարձնեն ձեզ, եւ ձեր անձկութեան մակարդակը բարձրացնեն:

Մանաւանդ երբ գիտէք, թէ թռիչքի պատճառով կը պրկուիք եւ անձկութիւն կ՛ունենաք, լաւագոյն բանը տունէն կանուխ դուրս գալն ու օդակայան հասնիլն է, ընելիքներդ աւարտելն ու դուք ձեզ հանդարտելու ժամանակ տրամադրելն է: Կրնաք միշտ օգտագործել օդակայանի սրահները, ուր օդանաւ մուտք գործելնէդ առաջ զովացուցիչներ եւ թեթեւ ուտեստեղէն կը տրամադրեն: Եթէ կանոնաւոր կերպով դեղ առնող էք, մի մոռնաք զանոնք օդանաւ բարձրանալէ առաջ առնելու, որովհետեւ օդանաւին մէջ կրնաք տարուիլ եւ մոռնալ զանոնք: Ուստի դուք ձեզի ժամանակ տրամադրեցէք, եւ դուք ձեզ պէտք եղածէն աւելի մի պրկէք դուք ձեզ դնելով ուշացած ըլլալու անախորժ կացութեան մէջ:

4.- Օդանաւի անձնակազմին ծանօթացէք

Օդանաւի անձնակազմը մէկ նպատակ ունի` թռչիքի անվտանգութեան եւ ճամբորդներուն հանգիստի ապահովումը: Ձեր թռիչքի օդանաւի անձնակազմին ծանօթանալը լաւ գաղափար է: Եթէ որեւէ բժշկական, հոգեբանական խնդիրներ ունիք կամ թռիչքի պատճառով անձկութենէ կը տառապիք, զանոնք տեղեակ պահեցէք: Աւելի լաւ է, եթէ անձնակազմը տեղեակ ըլլայ ձեր կացութենէն, ինչ որ ալ ըլլայ այդ, ուստի կրնան ճամբորդութեան տարբեր հանգրուաններուն հետեւիլ ձեր վիճակին: Սխալ չէ, ոչ ալ ամօթ է անձնակազմին ձեր թռիչքներէն վախին մասին խօսիլը, ընդհակառակն, այդ ձեւով անոնք անպայման մերթ ընդ մերթ ձեր մօտ պիտի գան` ստուգելու ձեր վիճակը:

5.- Շնչէ, կեր, հանդարտէ

Յիշեցէք, որ անձկութենէ եւ ճնշիչ կացութենէ դուրս գալու լաւագոյն ձեւը խոր շունչ մը առնելն է, որպէսզի թթուածինը հասնի ձեր մարմինին, եւ միտքը կարողանայ իր առաւելագոյն կարողականութեամբ աշխատիլ: Նոյնն է ձեր սննդեղէնի պարագային, թռիչքի ընթացքին բնաւ չուտելը կամ շատ ուտելը կրնայ ձեզ անհանգստացնել, մանաւանդ երբ արդէն վատ կը զգաք: Մի մոռնաք ձեր կերակուրը ապահովելու, երբ թռիչքի տոմսը կը գնէք, եթէ յատուկ սննդականոն ունիք: Ջուր խմեցէք, որպէսզի թռիչքի ընթացքին ջրազրկում չունենաք: Եւ վերջապէս յիշեցէք, թէ ձեր աթոռը կարելի է շտկրտել, ուստի զայն օգտագործեցէք ձեր փափաքած առաւելագոյն հանգիստը ունենալու համար:

6.- Թռիչքի ընթացքին ալեկոծութիւն զգալը հարց չէ

Թռիչքի ընթացքին ճամբորդներուն զգացած ամէնէն վախազդու եւ ահաւոր զգացումը ալեկոծութիւնն է: Ինչպէս նախապէս նշեցի, եթէ կ՛ուզէք հասկնալ ինչո՛ւ ալեկոծութիւն տեղի կ՛ունենայ, ուր ընդհանրապէս տեղի կ՛ունենայ, եւ ամէնէն կարեւորը` ալեկոծութիւնը ինչպէ՞ս կ՛ազդէ օդանաւին վրայ, հարցուցէք օդաչուի մը կամ այս մարզին հետ կապ ունեցողի եւ պիտի տեսնէք, թէ ատիկա աւելի օդերեւոյթի եւ օդերեւութաբանական երեւոյթ է, քան աղէտալի: Օդաչուները հազուադէպօրէն օդանաւը կ՛առաջնորդեն ալեկոծ շրջան մը, որովհետեւ իրենց տրամադրուած են տուեալներ` հետեւելու եւ զգուշանալու այդպիսի շրջաններէ, եւ եթէ ալեկոծութեան հանդիպիք, ապա գիտցէք, թէ օդանաւին ապահովութեան վրայ ատոր ազդեցութիւնը ջնջին է, ուստի ատիկա վնաս պիտի չպատճառէ:

7.- Դուք ձեզ զբաղեցուցէք

Միշտ կրնաք օդանաւին վրայ կարելի զբաղումի միջոցները օգտագործել: Յիշեցէք, թէ որքան շատ  մտածէք ձեր անձկութեան մասին, այդքան աւելի պիտի պրկուիք: Ուստի ձեր ժամանակը օգտագործեցէք այլ բան ընելու, զբաղումի պաստառը օգտագործեցէք ժապաւէն մը դիտելու կամ խաղ մը խաղալու, կամ նոյնիսկ եթէ թռիչք սիրող էք, կրնաք թռիչքի ընթացքին մանրամասնութիւններուն հետեւիլ: Կրնաք նաեւ շարունակել կարդալ ձեր սկսած գիրքը կամ նոր գիրք մը, եթէ երկար թռիչք մը ունիք: Այս բոլոր ձեզի պիտի մոռցնեն եւ ձեր միտքը պիտի շեղի այլուր, այդպիսով, շատ չանցած պիտի հասնիք ձեր որոշեալ վայրը:

8.- Ձեր աթոռը խելացի կերպով ընտրեցէք

Թէեւ աթոռը ընտրելը կրնայ ձեզի համար փոքր մանրամասնութիւն մը ըլլալ, բայց եւ այնպէս անիկա կրնայ ձեր բոլորին պարգեւել ձեր ուզած հանգիստը: Աթոռի ճշդումը կրնայ կատարուիլ օդանաւային տոմսի գնման ընթացքին: Եթէ կը սիրէք օդանաւէն դուրս դիտել եւ ձեր միտքը թռիչքէն շեղել, ապա պատուհանին մօտ աթոռ մը ունենալը լաւ գաղափար մըն է: Դիտել ամպերը, կապոյտ երկինքը, մայրամուտը, եւ քաղաքները, որոնց վերեւ կը թռչիք, այդ բոլորը կրնայ ձեզի գոհացում պատճառել: Կայ նաեւ միւս ընտրանքը, եթէ կ՛ուզէք օդանաւին մէջ պատահածին վրայ կեդրոնացած մնալ եւ դիւրին կերպով լուացարան հասնիլ, ապա ներքին ծայրի աթոռը կրնայ աւելի յարմար ըլլալ: Եթէ ընկերոջ մը հետ կը ճամբորդէք, օդանաւին դարպասը հասնելէ առաջ վստահ եղէք, որ քով քովի նստարան ունիք, որովհետեւ երբեմն աթոռները պատահաբար կը տրուին եւ կրնաք անծանօթ մէկու մը քով նստիլ:

9.- Գիտցէք որոշ փաստեր եւ տուեալներ

Տուեալներն ու թիւերը լաւ ցուցանիշեր են, որոնք մեզի ցոյց կու տան, թէ թռիչք կատարելը որքան ապահով է: Օդանաւերու եւ ինքնաշարժերու միջեւ պարզ բաղդատական մը մեզի հետեւեալը կը յայտնէ.

Ձեր օդանաւի արկած մը ունենալու հաւանականութիւնը 1/11.000.000 է, մինչ ինքնաշարժի արկարծ մը ունենալու առիթը 1/5000 է:

2001-էն ի վեր օդանաւային արկարծէ մը ետք ճամբորդի մը վերապրելու հաւանականութիւնը 95 առ հարիւր է:

Թիւերը սուտ չեն խօսիր, փնտռեցէք եւ անձամբ տեսէք, օդանաւով ճամբորդելը ինքնաշարժ վարելէ աւելի ապահով է:

10.- Թռիչքի փորձառութիւնը

Ճիշդ է, որ ձեր հիմնական նպատակը ձեր ուզած տեղը հասնիլն է, ըլլայ այդ առեւտրական թէ ընտանիքի կամ բարեկամներու հետ արձակուրդի նպատակով, սակայն անպայման ի մտի ունեցէք, թէ  իւրաքանչիւր թռիչք ձեզի կու տայ յատուկ փորձառութիւն, որ ժամանակի ընթացքին ձեզ պիտի դարձնէ աւելի ապահով եւ աւելի պատասխանատու ճամբորդ մը:

Վանեցէք վախն ու մտահոգութիւնը, ճամբորդութիւնը վերածեցէք ուրախութեան եւ հաճոյքի:

 

Նախորդը

Աղեղնաբառ – 58

Յաջորդը

Լիբանան.- Պատկերները Թող Խօսին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.