ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Սօսի Ժամկոչեան եւ զաւակները` Նազօ եւ Իզապէլ
Տիկին Վերա Մանասա-ժամկոչեան
Տէր եւ տիկին Սերժ եւ Քոզեթ Մանասա
Տէր եւ տիկին Սիմոն եւ Քարլա Նասր եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Հրաչ եւ Սիլվա Տոքթորեան եւ զաւակունք
Ժամկոչեան եւ Մանասա ընտանիքներ
Տոքթորեան եւ Օհանեան ընտանիքներ
Հատիտեան եւ Գազազեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, եղբօր, քեռիին, քեռայրին եւ հարազատին`
ՄԱՐԿԱՐՈՍ ՆԱԶԱՐԷԹ ԺԱՄԿՈՉԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 11 մարտ 2022-ին, յետմիջօրէի ժամը 5:00¬ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` շաբաթ, 12 մարտին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի եւ ամփոփուի Ֆըրն Շըպպէքի Ազգային գերեզմանատան մէջ գտնուող ընտանեկան դամբարանը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
«Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով ցաւակցութիւններ կ՛ընդունուին հեռաձայնով. Սօսի` 71-432185, Նազօ` 03-606759:
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՍՕՍԻ ԳԱՍԱՊԵԱՆի մահուան քառասունքին եւ ՎԱՀԷ ՇԱՄԼԵԱՆի մահուան յիշատակին հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 13 մարտ 2022-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. Պատարագի:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ
«ԿՈՄԻՏԱՍ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ԱԲՐԱՀԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 13 մարտ 2022-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ԱՐՇԱԼՈՅՍ ԳՈՆՏԱՅԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 13 մարտ 2022-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ՄԻՀՐԱՆ ՄԱՐԿԱՐՈՍԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 13 մարտ 2022-ին, Զալքայի Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամը 10:00-ին:
—————————————
ԳՈՐԾ ԿԸ ՓՆՏՌԷ
Տարեցներու եւ հիւանդներու հոգատարութիւն: Դիմել` հեռ. 76-695869:
—————————————
ՌԻՉԸՐՏ ԵՒ ԹԻՆԱ ԳԱՐՕԼԱՆ
ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ
Ռիչըրտ եւ Թինա Գարօլան հրատարակչական հիմնադրամի դատակազմը կը յայտնէ, թէ բացուած է 2022-ի համար նոր գործեր ներկայացնելու շրջանը:
Հիմնադրամը կ՛ընդունի սփիւռքահայ երիտասարդ գրողներու գրական թէ ուսումնասիրական որեւէ նոր, անտիպ կամ գիրքի ձեւին տակ ցարդ չհրատարակուած գործեր` դատակազմին կողմէ գնահատուելու եւ ըստ այնմ հրատարակուելու համար:
Գրական, պատմական, բանասիրական, եկեղեցագիտական եւ հայ մշակոյթի այլ կալուածները շօշափող հայերէն թէ օտար լեզուներով գրուած գործերը պէտք է դատակազմին ներկայացուած ըլլան ամէնէն ուշը մինչեւ 30 յունիս 2022:
Առաքուած գործերը պէտք է ըլլան ա) մեքենագրուած, բ) երեք օրինակով, գ) խտասալիկի վրայ արձանագրուած: Անոնք պէտք է ներկայացուին A4 թուղթի չափով եւ բաղկանան նուազագոյնը 9 պրակէ (144 էջ):
Դատակազմին կողմէ գնահատուած գործերը կ՛արժանանան հրատարակութեան:
Ռիչըրտ եւ Թինա Գարօլան հրատարակչական հիմնադրամի նախագահն է ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ: Դատակազմի անդամներն են` դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան (ատենապետ), դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան, Տեարք Համբիկ Պիլալեան, Յարութիւն Իսկահատեան, Յակոբ Լատոյեան եւ տիկին Իրմա Տէտէեան:
ԴԻՒԱՆ` Ռ. ԵՒ Թ. ԳԱՐՕԼԱՆ
ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ԴԱՏԱԿԱԶՄԻ
Դատակազմի հասցէն.
Armenian Catholicosate of Cilicia
P.O. Box 70317
Antelias – Lebanon
E-mail: [email protected]
Խնդրանք.- Կը խնդրուի սփիւռքահայ թերթերէն արտատպել

