Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 13 մարտին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը կը մրցի Լուէյզի Զուք Մոսպեհի դէմ:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ), պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 19:00-ին:
Մրցումին աւարտին ՀՄԸՄ պաշտօնապէս պիտի բարձրանայ Ա. դասակարգ` հանդիսանալով Բ. դասակարգի ախոյեան:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կը սպասուի ուղղուիլ մարզադաշտ եւ միասնաբար տօնել խումբին ձեռք ձգած այս տարեշրջանին արձանագրած բացառիկ յաջողութիւնը:
Համակիրներուն համար տրամադրուած պիտի ըլլայ փոխադրամիջոց, որ ժամը 18:00-ին Պուրճ Համուտի հրապարակէն պիտի ուղղուի մարզադաշտ:


