Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեան Իտալիոյ ազգային խումբը 2023-էն սկսեալ հանդէս պիտի գայ «Ատիտաս»-ի արտադրութեան մարզաշապիկներով:
Գերմանական ընկերութեան հետ համագործակցութեան երկարաժամկէտ պայմանագրութիւնը ուժի մէջ պիտի մտնէ յունուար 2023-էն սկսեալ:
«Ատիտաս» Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին տարեկան պիտի վճարէ 40 միլիոն եւրօ:
Նշենք, որ 2003-էն ի վեր Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հովանաւորող ընկերութիւնն է «Փումա»-ն:


