ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 932 վարակուածներ եւ մահացած 8 ուրիշներ:
ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը նուազեցաւ 22.600 լ. ոսկիի:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն հիման վրայ 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 22.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 23.000 լ. ոսկիով, մազութը` 29.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազին շիշը` 9000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը 463.000 լ. ոսկի է, 98 օքթան պենզինը` 473.000 լ. ոսկի, մազութը` 489.000 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազին շիշը` 311.000 լ. ոսկի:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ մեկասենթըրի դրութեան մերժումը ժողովրդավարութեան դէմ հասցուած ծանր հարուած է, որովհետեւ անիկա կը բարձրացնէ ընտրակաշառքը եւ քաղաքական նպատակով մսխուող գումարները, ինչպէս նաեւ կը նուազեցնէ ընտրութիւններուն մասնակցութեան համեմատութիւնը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» ոսկեայ տարազը կը մնայ երկրին պաշտպանութեան ռազմավարութեան առանցքը, որ կը պաշտպանէ Լիբանանը: Ան հաստատեց, որ այս տարազէն բացի որեւէ այլ բան չի կրնար Լիբանանին պաշտպանութիւն ապահովել:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի յայտնեց, որ իրենք պիտի ջանան երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին արտադրել քաղաքական նոր համակարգ մը, որ կ’աշխատի երկրին դիմագրաւած հարցերը լուծել:
ՀՐԱԺԱՐԱԾ երեսփոխան Մարուան Համատէ յայտնեց, որ Հըզպալլայի կողմէ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան նպատակով կատարուած նախապատրաստութիւնները կ’ենթադրեն միջազգային բերման գիրերու գործադրութիւնը:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Իրաքի դեսպանատունը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Լիբանանի մէջ Իրաքի դեսպան Հայտար Պարրաք հանդիպում մը ունեցած է Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան իրադարձութիւնները:
«ՈՒԱԼԼԱ» իսրայէլեան կայքը կը հաղորդէ, որ Հըզպալլայի անօդաչու թռչող սարքերը կարողութիւն ունին ամբողջ Իսրայէլը իրենց հակակշիռին տակ առնելու:


