Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխին մաս կազմող լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեվանտովսքի իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ իր պայմանագրութիւնը խզեց չինական «Հուաուէյ»-ի հետ, որ հրաժարեցաւ իր գործունէութիւնը դադրեցնել Ռուսիոյ մէջ, այս մասին յայտնեց միջազգային մարզական մամուլը:
Լեվանտովսքի չինական ընկերութեան ծանուցումի դէմքերէն մէկն է:
Նշենք, որ ռուսական զինուած ուժերուն Ուքրանիա ներխուժման պատճառով, բջիջային եւ համակարգչային գործիքներու բազմաթիւ ընկերութիւններ իրենց գործունէութիւնը դադրեցուցին Ռուսիոյ մէջ:


