Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Սրբոց Վարդանանց Տօնի Յիշատակում
– Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լ.Շանթ» մասնաճիւղի վարչութեան, 25 փետրուարին, Դամասկոսի «Ահարոնեան» կեդրոնին մէջ հանդիսաւոր կերպով յիշատակուեցաւ Սրբոց Վարդանանց տօնը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարչութեան անդամ Մարալ Գաթըգլեան: Ան անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի ազգային-կրօնական կեանքին մէջ իւրայատուկ նշանակութիւն ունեցող, Աւարայրի դաշտին վրայ նահատակուած Վարդանանց սուրբերուն յիշատակութեան, որ եկաւ ճակատագրական վճիռը տալու հայ ժողովուրդի անկախ եւ քրիստոնավայել կեանքին:
Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Օրուան պատգամը փոխանցեց Քեսապի Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Անդրանիկ աբղ. Կիւրիւնեան, որ պատմական ակնարկով անդրադարձաւ Վարդանանց հերոսամարտի քաղաքական եւ կրօնական դրդապատճառներուն` շեշտելով, որ Վարդանանց նահատակները, շնորհիւ իրենց ցուցաբերած հայրենասիրութեան ու անձնազոհութեան` «Վասն հաւատքի ու վասն հայրենեաց» գաղափարախօսութեան, անմահացան հայ ժողովուրդի գիտակցութեան մէջ: Ան հաստատեց, որ
Վարդանանց պատգամն է պահպանել մեր հոգեւոր եւ ազգային արժէքները` լեզուն, հաւատքն ու մշակոյթը, որոնք գրաւականն են մեր ազգային ինքնութեան պահպանման եւ գոյատեւման:
– Նախագահութեամբ երեք համայնքապետներուն եւ հիւրընկալութեամբ` Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանի, 24 փետրուարին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Վարդանանց տօնակատարութիւն:
Բացման խօսք արտասանեց եւ հանդիսավարութիւնը կատարեց Մարինա Պողիկեան:
Գեղարուեստական յայտագիրէն ետք օրուան խորհուրդը ներկայացուց Կարօ սրկ. Պալեան: Ան յայտնեց, որ Վարդանանց պատերազմի միակ կտակը այն է, որ երեւելի եւ աներեւոյթ յազկերտներուն դիմաց Վարդանի սուրը բարձր պահենք` պաշտպանելու մեր եկեղեցին ու Աւետարանը:
Սուրիոյ Հայ աւետարանական համայնքապետ վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան իր պատգամին մէջ ըսաւ, թէ ներկայիս կ՛ապրինք ոչ սովորական օրեր, մեր հայրենիքին այսօրուան դրուածքը եւ սփիւռքի հայութեան իրավիճակը, առաւել եւս ժողովուրդներու դիմագրաւած բազմապիսի դժուարութիւնները մեզ դէմ յանդիման կը դնեն կեանքի գոյութենական դժուարին հարցերու, որոնք սկիզբ առած են պատմութեան խորքէն եւ կը հասնին մինչեւ մեր օրերը: Հետեւաբար ան հրաւիրեց ներկաները, որպէսզի Վարդանանց ոգիով գոյութենական պայքարը զգաստութեամբ մղեն` քրիստոնէական հաւատքը եւ հայերէն լեզուն պաշտպանելու եւ մեր ազգին միասնականութիւնը ամրագրելու:
Բերիոյ թեմի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ Պետրոս արք. Միրիաթեանի ներկայացուցիչ Կոմիտաս քհնյ. Տատաղլեան իր պատգամին մէջ մատնանշեց խղճի ազատութեան համար մղուած Վարդանանց պատերազմը, որուն մարտիրոսները Աւարայրի դաշտը վերածեցին մշտաբարբառ դպրոցի: Ան հաստատեց, որ Վարդանանք` ազգային միասնականութեան եւ ազգային դիմագիծի պաշտպանութեան խորհրդանիշը հանդիսացան:
Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեան իր պատգամին մէջ Վարդանանց հաւատամարտի խորհուրդը պարզաբանելով, ընդգծեց, թէ հայ ժողովուրդը մերժեց յանձնուելու հոգեբանութիւնը, նախընտրեց պայքարիլ եւ այդպիսով բարոյական յաղթանակ արձանագրեց,
Աւարայրի ճակատամարտին յաջողութիւնը վերագրելով հայ ժողովուրդի միասնական կեցուածքին:
– 24 փետրուարին Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ ` ի յիշատակ Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց, որոնք նահատակուեցան պահպանելու հայ եկեղեցին, հայ ազգն ու հայոց հայրենիքը: Պատարագը մատուցեց Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեան:
Անկէ ետք Կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտները ներկայացուցին Ս. Վարդանանց տօնին նուիրուած արտասանութիւններու եւ երգերու փունջ մը` ղեկավարութեամբ Պսակ քհնյ. Պէրպէրեանի:
Հայր սուրբը իր խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ եթէ Վարդանանց սուրբերը չնահատակուէին, մենք այսօր հոս ներկայ պիտի չըլլայինք, անոնք նահատակուեցան, որպէսզի մենք շարունակենք մեր աղօթքը եկեղեցիներուն մէջ, որպէսզի մենք պահենք հայութիւնը եւ մեսրոպաշունչ հայ լեզուն»:
– Կազմակերպութեամբ Քեսապի երեք յարանուանութիւններու հովիւներուն, 24 փետրուարին, յետ Ս. պատարագին տեղի ունեցաւ Վարդանանց տօնին յիշատակումը Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:
Օրուան հանդիսավար Լուսին Քիւրքճեան հրաւիրեց պատուելի Շանթ Ակիշեանը արտասանելու տօնակատարութեան բացման խօսքը:
Պատուելին անդրադարձաւ 451 թուականին Վարդանին եւ անոր զինակիցներուն` պարսիկներուն դէմ «Վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց» մեծ քաջութեամբ մղած պատերազմին, շեշտը դնելով անոնց ունեցած քաջութեան վրայ եւ աւելցնելով, որ մեծ քաջութիւն կը պահանջէ հաւատք եւ ինքնութիւն պահելը, իսկ Վարդանանց պատերազմը ոչ միայն պատմութեան մէջ արձանագրուած, այլ նաեւ մինչեւ այսօր շարունակուող պայքար է:
Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Օրուան պատգամը փոխանցեց Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Հայր Անդրանիկ աբղ. Քիւրիւմեան: Ան յայտնեց, որ Վարդանանց ճակատամարտը մեզի կը սորվեցնէ պահպանել հոգեւոր եւ ազգային մեր արժէքները` աւելցնելով, որ քրիստոնէական հաւատքը մեզ կը մղէ ճանչնալու մեր կեանքին նպատակը, իսկ հաւատքը այն համոզումն է, որ մարդս կ՛առաջնորդէ արժէքներ կազմելու: Մեր ազգը Աւարայրի ճակատամարտով ուրուագծեց իր քրիստոսավայել ապրելակերպը:
Օրուան եզրափակիչ պատգամը ուղղեց Նարեկ վրդ. Լուիսեան, որ անդրադարձաւ Աւարայրի ճակատամարտի հիմնական երկու պատճառներուն` կրօնքի եւ հայրենիքի պահպանման: Ապա վեր առաւ դերը հերոս նահատակներուն, որոնք զոհուեցան, որպէսզի մենք ապրինք եւ գոյատեւենք իբրեւ հայ եւ քրիստոնեայ, տէր կանգնելով մեր ժառանգած սուրբ հողին, հայրենիքին:
Քուէյթ
«Մանուկներու Բացատրական Աստուածաշունչ»-ի Ներկայացում
Քուէյթի եւ Շրջակայից Հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Պետրոս Ծ. վրդ. Մանուէլեանի հովանաւորութեամբ` չորեքշաբթի, 22 փետրուարի երեկոյեան, Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան հրատարակած «Մանուկներու բացատրական Աստուածաշունչ»-ի հայերէն տպագրութեան գինեձօնը:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Արտակ Ա. քհնյ. Քէհեայեան, որ անդրադարձաւ Աստուածաշունչի կենսական կարեւորութեան եւ այդ ծիրին մէջ` Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան տարած աշխատանքներուն: Ան դիտել տուաւ, որ 1600 տարուան ընթացքին, թէեւ եղած են շատ մը փոփոխութիւններ, սակայն Աստուածաշունչը չէ կորսնցուցած իր կարեւորութիւնը: Ան ուրախութեամբ յայտնեց նաեւ, որ Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութիւնը գիտութեան սրընթաց զարգացումի այս դարուն կը պահէ իր այժմէականութիւնը եւ նորովի կը մատուցուի:
Ապա խօսքը տրուեցաւ Քուէյթի Ազգային վարժարանի հայրենաւանդ ուսուցիչ Ճորճ Արապաթլեանին, որ համապարփակ տեղեկութիւն տուաւ «Մանուկներու բացատրական Աստուածաշունչ»-ին մասին: Ան ըսաւ. «Քրիստոնէութիւնը միայն կրօնք չէ, այլ` կենսակերպ, իսկ Աստուածաշունչը` կեանքի ուղեցոյց: Այս իմաստով հոյակապ գիրք է «Մանուկներու բացատրական Աստուածաշունչ»-ը, ուր մանկավարժական հիմունքներով ներկայացուած են Աստուածաշունչի դէպքերը եւ զանազան հարցումներով ու առաջադրանքներով` զանոնք կապած մեր կեանքին»: Ան դիտել տուաւ, թէ պատմութիւնները շարադրուած են մանուկներուն համար դիւրըմբռնելի հայերէնով մը:
Այնուհետեւ խօսք առաւ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան, որ անդրադարձաւ Սուրբ Գիրքի հայերէն թարգմանութեանց` հպարտօրէն նշելով, որ միա՛յն հայերս զայն «Աստուածաշունչ» կոչած ենք: Ան ըսաւ նաեւ, որ անկարելի է հայուն ազգային ինքնութիւնն ու կրօնքը բաժնել իրարմէ:
Հուսկ, Պետրոս Ծ. վրդ. Մանուէլեան մեծապէս գնահատեց, թէ՛ «Մանուկներու բացատրական Աստուածաշունչ»-ին ներկայացումը,եւ թէ անոր հայերէն հրատարակութիւնը, որ կատարուած է դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի եւ անոր կնոջ` դոկտ. Արտա Ճէպէճեանի աշխատանքով: Հայր սուրբը յիշեց, թէ դեկտեմբեր ամսուն Արամ Ա. վեհափառ, գնահատելով դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի տարիներու վաստակն ու ծառայութիւնը` «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրած էր զայն:
Աւարտին տեղի ունեցաւ աւանդական գինեձօնի արարողութիւն, գիրքերու մակագրութիւն եւ փոքրիկ հիւրասիրութիւն:
Ռումանիա
Սումկայիթեան Ջարդերու 34-րդ Տարելիցի Ոգեկոչում
Սումկայիթեան ջարդերու 34-րդ տարելիցին առիթով 27 փետրուարին Ռումանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ, Պուլկարիոյ հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ Տաթեւ եպս. Յակոբեանի տնօրինութեամբ եւ օրհնութեամբ Պուխարեստի Սրբոց Հրեշտակապետաց առաջնորդանիստ մայր տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ` ձեռամբ Գրիգոր քհնյ. Հոլկայի:
Պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն բոլոր նահատակներուն հոգիներուն համար: Այս առիթով Գրիգոր քհնյ. Հոլկա ընթերցեց սրբազան հօր պատգամը, որուն մէջ կ՛անդրադառնար Սումկայիթեան դաժան ու անմարդկային իրադարձութիւններուն` շեշտելով յատկապէս սփիւռքի կարեւոր դերակատարութիւնը եւ ներգրաւուածութիւնը համահայկական գործընթացներուն մէջ: Ան նկատել տուած էր, թէ Սումկայիթեան ջարդերը պատասխանն էին Արցախի ժողովուրդին` իր պատմական հայրենիքին մէջ արժանապատիւ եւ անվտանգ ապրելու իրաւունքին, ազգային շարժման սկսելու եւ այդ իրաւունքին համար պայքարելու դուրս գալու վճռականութեան` շեշտելով, որ նման ոճրագործութիւններ այսօր եւս կը գործադրուին բարձրագոյն մակարդակով, բացայայտ հայատեաց քաղաքականութիւն կ՛որդեգրուի, իսկ հայերը սպաննող ոճրագործները կը հերոսանան` բան մը, որուն ականատեսը եղանք նաեւ Արցախեան պատերազմներուն: Սրբազանը ընդգծեց, որ պիտի չընկրկինք, հայ ազգը պիտի շարունակէ սրբազան պայքարը իր պատմական հայրենիքին մէջ ազատ, անկախ և արժանապատիւ կեանքով ապրելու համար, թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Արցախի, թէ՛ մեր պատմական եւ ժամանակաւորապէս կորսուած հայրենիքի այլ հատուածներուն մէջ: Սրբազանը կոչ ուղղեց համայն հայութեան` վերահաստատելու եւ վերանորոգելու մեր ուխտը եւ երդումը` հանդէպ Աստուծոյ եւ հայոց պատմութեան: Ան կարեւոր նկատեց, ամրագրեց հետեւեալ անփոփոխ ճշմարտութիւնները, որ` Հայաստանը յաւերժական հայրենիքն է համայն հայութեան, Արցախի Հանրապետութիւնը Հայաստանի եւ սփիւռքի անբաժանելի մասն է, Արցախի Հանրապետութիւնը հոգեւոր հայրենիքն է համայն հայութեան, Հայաստանը հայ միտքի եւ մշակոյթի մնայուն հայրենիքն է` համայն հայութեան տեսլականով ու տեսիլքով վերածնող, Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ Հայ դատը միջազգային ճանաչման եւ մեր պահանջատիրութեան հրամայականն են, սփիւռքը եւ սփիւռքահայութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի յաւերժ անբաժան մաս են: Ան շեշտեց, որ հայկական Սփիւռքի մէջ արժանապատիւ հայ կեանք ապրելու եւ ծաղկելու երաշխաւորը հայ առաքելական սուրբ եկեղեցին է, որ մեր ինքնութեան եւ ազգային արժէքներու պահպանողն ու փոխանցողն է, Հայաստանի, Արցախի, սփիւռքի եւ համայն հայութեան յարատեւութեան եւ յաւերժութեան երաշխաւորը, իսկ հայ հոգեւորականները այդ երաշխաւորութեան մահապարտ զինուորներն են:
Աւարտին տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ կանգնած Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած խաչքարին դիմաց:
Միացեալ Նահանգներ
Հայկազեան Համալսարանի Նախագահ Վեր. Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան Այցելեց Ազգային Առաջնորդարան
Երկուշաբթի, 28 փետրուարին, Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեան ընդունեց Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի այցելութիւնը Ազգային առաջնորդարանին մէջ: Դոկտ. Հայտոսթեան յայտնեց, թէ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի նախօրեակին ուսանողութեան թիւը 650 էր, իսկ այժմ Հայկազեան համալսարանը շուրջ 600 ուսանող ունի չորս ճիւղերու մէջ` 170 հոգինոց ուսուցչական եւ վարչական անձնակազմով: Համալսարանը ցարդ տարբեր բնագաւառներու պսակաւոր արուեստից եւ մագիստրոսական աստիճաններ տուած է գրեթէ 4500 աշակերտներու:
Անդրադառնալով համալսարանին վրայ ներկայ տագնապի ներգործութեան` դոկտ. Հայտոսթեան յայտնեց, թէ ատիկա բազմակողմանի է. «Առաջինը` ուսանողներուն վրայ, որոնց ծնողները կամ ընտանիքները ո՛չ միայն դրամատան իրենց խնայողութիւնները օգտագործելու առիթը կորսնցուցած են, այլ նաեւ կրթաթոշակ վճարելու կարողութիւնը մեծապէս նուազած է: Երկրորդը` երիտասարդներու հանգստաւէտութեան մակարդակը, յոյսի զգացողութիւնը եւ, հետեւաբար, ապագայի ծրագրումի զգացողութիւնը հիմնովին նուազած է»:
Անձնակազմն ալ խոր հետեւանքներ կրած է: Աշխատավարձը իր գնողական արժէքին մինչեւ 90 առ հարիւրը կորսնցուցած է, մինչ փոխադրութեան ծախսը մեծցած է, եւ ապրուստի մակարդակը նուազած: Անդրադառնալէ ետք «Քորոնա»-ի բերած դժուարութիւններուն եւ երկրի անյոյս վիճակի բերումով ուսումնական աշխատանքին վրայ կեդրոնանալու անկարելիութեան, դոկտ. Հայտոսթեան շեշտեց. «Համալսարանի վարչութիւնը բազմաթիւ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ: Հիմնականին` համալսարանի կրթաթոշակ գանձելու անկարողութիւնը եւ տեղական կարգ մը աղբիւրներու դրամական օժանդակութեան կորուստը: Աւելի՛ն. համալսարանը դրամատնային իր խնայողութիւնները գործածելու անկարող է, քանի որ այդ գումարներուն մէկ մասը լիբանանեան դրամատուներու մէջ էր, ինչ որ յաւելեալ ճնշում ստեղծած է, տրուած ըլլալով սահմանափակ եկամուտը եւ համաշխարհրային նուիրատուութիւնները` աշխարհի այլ կողմերու տնտեսական հարցերու պատճառով»:
Հայկազեան համալսարանի վարկին եւ ուսումնական մակարդակին վերաբերեալ հարցումի մը պատասխանելով` դոկտ. Հայտոսթեան նշեց, թէ Լիբանանի մէջ այսօր կան աւելի քան 45 համալսարաններ կամ քոլեճներ, որոնց շուրջ մէկ երրորդը Լիբանանի համալսարաններու ընկերակցութեան անդամ են: Ամէնէն հին համալսարանները կը ջանան բարձր չափանիշեր պահել: 1955-ին հիմնուած Հայկազեան համալսարանը այդպիսի լուրջ համալսարաններու շարքին է:
Այդ լրջութիւնը չափելու համար, ըսաւ դոկտ. վեր. Հայտոսթեան, երկու չափանիշեր կան` շրջանաւարտներու գործունէութիւնը աշխատանքային շուկայի մէջ, եւ յետաւարտական ուսման անոնց մակարդակը: Երկու պարագաներուն ալ, Հայկազեան համալսարանի շրջանաւարտները լաւագոյն ձեւով դրսեւորած են իրենք զիրենք: Ըստ անոր, Հայկազեան համալսարանը շատ բարձր համարում ունի Լիբանանի պաշտօնական շրջանակներու, նախարարութիւններու եւ կառավարական, բայց նաեւ` ընկերային շրջանակներու մէջ: «Հիմնականին` համալսարանը շատ լաւ համալսարան մը կը նկատուի, յատկապէս լուրջ կրթութեան վրայ իր կեդրոնացումով: Իսկ երկրորդ` սնուցիչ միջավայր մը կը խրախուսէ, զոր կը համարենք ընտանեկան մթնոլորտ մը», շեշտեց ան:
Համալսարանի շրջանաւարտներու ներդրումը Լիբանանի կեանքին մէջ բազմակողմանի է: Եզրափակելով` դոկտ. Հայտոսթեան շեշտեց պատշաճ կրթութեան կարեւորութիւնը, որ «միայն ուսում չէ, կրթութիւնը նաեւ ուսանողներու ընկերային փոխազդեցութիւնն է, մտածելու համայնքի մը կազմաւորումը, ուր մարդիկ վճռական դեր կը խաղան, բայց նաեւ կը հասկնան ուրիշներ, որոնք կրնան խումբով աշխատիլ, իրարմէ սորվիլ եւ գրադարանի, դասարանի, բակին կամ այլուր նստած ուրիշներու բարօրութեան սատարել: Այս մեկնակէտով, ան որ կ՛աշխատի կրթութեան մէջ եւ կ՛ուզէ ընկերութեան բարօրութեան նպաստել, պէտք է յոյսի բարձր աստիճան մը պահէ: Մեր յոյսը երկրի պայմաններուն վրայ չէ: Մեր յոյսը դաստիարակելու մեր ծրագրի վրայ է եւ մեր առաքելութեան վրայ` քրիստոնէական, ընկերային եւ ազգային իմաստով: Պէտք է սատարենք մեր ընկերութիւններու բարօրութեան եւ ապագային, յատկապէս` երիտասարդներու կեանքին: Ասիկա կ’ըսենք թէ՛ Լիբանանի եւ թէ՛ աշխարհի ամէն երկրի համար»:
Սրբապատկերի Օծում Եւ ՀՕՄ–ի Ննջեցելոց Հոգեհանգիստ Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ
Կիրակի, 27 փետրուար 2022-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան նախագահեց Օրէնճ Քաունթիի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ Ս. պատարագի արարողութեան:
Յընթացս արարողութեան առաջնորդ սրբազանը Յիսուս Քրիստոսի խաչելութեան սրբապատկերի օծումը կատարեց սրբալոյս միւռոնով` կողքին ունենալով եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ` Գարեգին քհնյ. Պետուրեանը եւ նախկին հովիւներէն` Հրանդ Աւ. քհնյ. Երէցեանը: Ան, միաժամանակ, յատուկ աղօթքով օրհնեց եկեղեցւոյ մէջ օգտագործուելիք փայտեայ գեղակերտ գրակալները: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի ննջեցեալներու համար հոգեհանգստեան յատուկ կարգ:
Առաջնորդ սրբազան հայրը իր հոգեպարար պատգամին ընդմէջէն անդրադարձաւ`
Ա.- Բարեկենդանի խորհուրդին եւ այս առիթով ըսաւ. «Մեր կեանքին մէջ մենք դրախտը կը փնտռենք, բայց դրախտ ըսուած ճշմարտութիւնը կը ճառագայթէ Յիսուսի անձին ընդմէջէն: Այսօր մարդ էակին կը պարգեւուի դրախտային կեանք, Յիսուս Քրիստոսի ճամբով միայն»:
Բ.- Մեծ Պահոց շրջանին եւ շեշտեց. «Մեծ Պահոց ընդառաջ կանգնած, բոլորս ալ հրաւիրուած ենք մենք մեզ սրբագրելու եւ մեղաւոր կեանքէն դուրս գալու, որպէսզի կարենանք Յարութեան արշալոյսը դիմաւորել Յիսուս Քրիստոսի լոյսով»:
Գ.- Սրբապատկերի օծման արարողութեան` աւելցնելով. «Այս սրբապատկերը թող օրհնաբեր ներկայութիւն դառնայ բոլորին կեանքին մէջ, որովհետեւ մենք աղօթեցինք առ Բարձրեալն Աստուած` խնդրելով, որ այս պատկերին ճամբով Տէրը ձեզի շնորհէ երկնային օրհնութիւններ, պաշտպանէ ձեզ ամէն տեսակի ցաւերէ, մեղքերէ եւ մոլութիւններէ»:
Դ.- Հոգեհանգստեան արարողութեան` դիտել տալով, որ «ՀՕՄ-ի ննջեցելոց հոգեհանգիստ կատարելու ճամբով, մենք բարձր կը գնահատենք Հայ օգնութեան միութեան բազմամակարդակ ծառայութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ եւ կը հայցենք լոյս` ննջեցեալներու հոգւոցն, ուժ եւ կարողութիւն` հայ կանանց այս մեծ կազմակերպութեան գործունեայ բոլոր անդամներուն»:
Սրբազան արարողութեան աւարտին, ներկայ հաւատացեալները երկիւղածութեամբ մօտեցան սրբապատկերին, խոնարհեցան անոր առաջ, համբուրեցին զայն եւ օրհնութիւններ ստացան:
Հուսկ, բոլոր ներկաները մասնակից դարձան եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան հիւրընկալած ու պատրաստած «Սիրոյ սեղան»-ին:


