«Արտ Ապիատ» միութեան նախագահ, նախկին երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտ եւ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի նախագահ Ժորժ Քոփալի իրարու հետ կնքեցին պայմանագրութիւն մը, որուն համաձայն, վերոնշեալ միութիւնը պիտի հովանաւորէ 14-20 նոյեմբերին տեղի ունենալիք փինկ փոնկի տարիքային միջազգային մրցաշարք մը, որ տեղի պիտի ունենայ Ժեզզինի մէջ գտնուող Ժուլիան եւ Լինտա Սալիմ մարզահամալիրին մէջ:
Նշենք, որ այս համաձայնագիրի կնքումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Րաֆֆի Մումջողլեան եւ Լիբանանի փինկ փոնկի ազգային խումբերու նախագահ Ուիսամ Շիրի:


