Քիքպոքսինկի «ՔԷՅ-1»-ի անուանի մարտիկ, Իտալիոյ մէջ բնակող Ճորճիօ (Գէորգ) Պետրոսեան իր յաջորդ մենամարտը պիտի կատարէ 30 ապրիլին, իտալական Միլանօ քաղաքին մէջ:
70 քկ դասակարգի մրցումներուն իր մասնակցութիւնը բերող հայ մարտիկին մրցակիցը պիտի ըլլայ թուրք Ֆաթիհ Այտըն:
Նշենք, որ իր կատարած նախորդ մենամարտին ընթացքին Պետրոսեան պարտուած էր թայլանտցի Սուպերպօ Պանչամեքէն` 8 տարուան մէջ կրելով իր առաջին պարտութիւնը:


