Տղոց թենիսի միջազգային դասաւորման երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող սերպ անուանի թենիսմեն Նովաք Ճոքովիչ իր մասնակցութիւնը կրնայ բերել Ֆրանսայի թենիսի բաց ախոյեանութեան` «Ռոլան-Կարոս»-ին, այս մասին յայտնեց միջազգային մարզական մամուլը:
Նշուեցաւ, որ Ֆրանսա կը մեղմացնէ «Քորոնա» ժահրին դէմ հաստատուած օրէնքին սահմանափակումները` չեղեալ նկատելով ՔՈՎԻՏ-ի անձնագիրները:
Մարզադաշտեր եւ հանրային այլ վայրեր այցելելու համար պատուաստուած ըլլալը պարտադիր չէ:
Սերպ մարզիկը «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստուած չէ:
«Ռոլան Կարոս»-ը տեղի պիտի ունենայ 22 մայիսէն 5 յունիս, Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ:
Նովաք Ճոքովիչ կրան շլեմի այս մրցաշարքին գործող ախոյեանն է:
Նշուեցաւ նաեւ, որ ան պիտի կարենայ իր մասնակցութիւնը բերել Մոնթէ Քարլոյի մէջ 9-17 ապրիլին տեղի ունենալիք «Մասթըրզ»-ի միջազգային մրցաշարքին:


