Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն ռուսական քարիւղի ներածումներու պոյքոթ յայտարարեց` նշելով. «Ռուսական քարիւղը անգամ մը եւս Միացեալ Նահանգներ պիտի չհասնի, եւ պիտի շարունակենք Ուքրանիոյ աջակցիլ ու պատժամիջոցներով ճնշում բանեցնել Ռուսիոյ վրայ, եւրոպական կողմին հետ Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներուն հարցով համակարգում կը կատարենք եւ կը շարունակենք դաշնակիցներու հետ համակարգուած կերպով Ուքրանիա զէնքերու ուղարկումը, եւ պատժամիջոցներուն նպատակը Ռուսիոյ նախագահին վնասելն է»:
«Ռուսական քարիւղի պոյքոթը պիտի ցաւցնէ ռուսերը եւ մեզի ալ վնաս պիտի պատճառէ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Ազատութիւնը պաշտպանելը այստեղ` Միացեալ Նահանգներու մէջ եւս մեզի համար գին պիտի ունենայ»:
«Աշխարհի մէջ Ռուսիոյ վրայ հաստատուած ազդեցիկ պատժամիջոցներու շարքէն ետք, ռուբլին կը քայքայուի եւ ռուսական տնտեսութիւնը անկում կը կրէ», ըսաւ ան` նշելով, որ ռուբլին տոլարին դիմաց իր արժէքին 50 առ հարիւրը կորսնցուցած է:
«Ռուսիոյ պիտի արգիլենք կարգ մը շուկաներ հասնիլ, եւ միջազգային ընկերութիւնները կը շարունակեն հեռանալ Ռուսիայէն», ըսաւ ան:
«Ուքրանիան երբեք Ռուսիոյ համար յաղթանակ պիտի չըլլայ», յայտարարեց Սպիտակ տան ղեկավարը:


