Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ուքրանիան Պիտի Յաղթէ, Եւ Փութին Պիտի Ստիպուի Ռուսիոյ Վրայ Պատերազմի Հետեւանքներուն Ու Բանակցութիւններուն Միջեւ Ընտրութիւն Կատարել» Կ՛ըսէ Լը Տրիան

March 8, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան յայտնեց. «Տասը օրուան ընթացքին ամէնէն ուշագրաւը ուքրանական դիմադրութեան մեծ կարողականութիւնն է, այնպիսի աստիճանի մը, որ փորձագէտները չերեւակայեցին»:

«Մենք մուտք կը գործենք պաշարման տրամաբանութեան մէջ, եւ պաշարման տրամաբանութիւնը գիտենք ռուսական ուժերու աշխատելաոճին ու աշխատանքին աղէտալի նախկին փորձառութիւններէն», ըսաւ ան:

«Չեչենիոյ մէջ Կրոզնիի օրինակը ունինք, իսկ Սուրիոյ մէջ Հալէպի օրինակը, եւ ահաւասիկ ատիկա կը կրկնուի», յայտնեց Լը Տրիան` աւելցնելով. «Պատերազմի աւարտէն ետք ուքրանական Մարիուփոլ քաղաքին մէջ մեր յայտնաբերելիքը պիտի ըլլայ ահաւոր, եւ կայ Օտեսան, ապա` Քիեւը»:

«Կը կարծեմ, որ Ուքրանիան պիտի յաղթէ», ըսաւ ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը` շեշտելով Ռուսիոյ դիւանագիտական մեկուսացման ու միջազգային պատժամիջոցներու ազդեցութիւնը:

«Մենք ընդլայնուած պատժամիջոցներու շարք մը որդեգրեցինք: Ատոր ազդեցութիւնը սկսաւ ի յայտ գալ, եւ իմ կարծիքովս` հետզհետէ աւելի ծանր պիտի ըլլայ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ պատերազմին դիմաց վճարուելիք գինը պիտի դառնայ անտանելի, եւ որոշ փուլի Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին պիտի ստիպուի ընտրել անոնց Ռուսիոյ վրայ ունեցած մեծ ազդեցութեան ու բանակցութիւններու ձեռնարկման միջեւ», յայտնեց Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն դատապարտեց Փութինի` «քաղաքականութեան ու բարոյականութեան» սկզբունքներու անտեսումը, երբ առաջարկեց քաղաքայինները ուքրանական քաղաքներէն «Ռուսիա փոխադրելու» մարդասիրական միջանցքներ:

Մաքրոն ֆրանսական «Էլ.Սէ.Ի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Կարեւորը պարզապէս այդ միջանցքները չեն կամ այն կեղծաւոր խօսքը, թէ «մարդիկը պիտի պաշտպանենք զանոնք Ռուսիա փոխադրելու համար»:

«Այս բոլորը լաւ չէ, ասիկա ինծի համար անտանելի բարոյական ու քաղաքական անտեսում է», ըսաւ Ֆրանսայի նախագահը:

 

 

Նախորդը

«Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարները Թուրքիոյ Մէջ Հանդիպում Պիտի Ունենան» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Յաջորդը

«Միացեալ Նահանգները Աշխարհագրական Իրողութիւնը Զէնքի Ուժով Փոխելը Չեն Կրնար Ընդունիլ» Կ՛ըսէ Պլինքըն

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.