Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրով եւ Տմիթրի Քուլեպա եռակողմ հանդիպում պիտի ունենան իրենց թուրք պաշտօնակից Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ: «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է թրքական դիւանագիտութեան պետը:
Չաւուշօղլուի համաձայն, Լաւրով եւ Քուլեպա յայտարարած են Անթալիոյ մէջ Ուքրանիոյ հարցով «եռակողմ հանդիպում» ունենալու իրենց պատրաստակամութիւնը:
Բանակցութիւնները նախատեսուած են 10 մարտին` Անթալիոյ մէջ միջազգային դիւանագիտական համախմբումի ծիրին մէջ:
Չաւուշօղլու նախապէս Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարներու հետ վարած էր առանձին բանակցութիւններ, որոնցմէ ետք յայտարարած է եռակողմ ձեւաչափով բանակցութիւններու պատրաստակամութեան գոյութեան մասին:


