Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրեզնոյէն Լիբանան Հասած Բժիշկները Հանդիպում Ունեցան Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հետ` Այսօր Սկսելիք Իրենց Առաքելութեան Իբրեւ Մեկնարկ

March 7, 2022
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանահայութեան իրենց անվճար ծառայութիւնը մատուցելու եւ դժուար պայմաններու դէմ յանդիման կանգնած իրենց քոյր-եղբայրներուն բուժման օժանդակելու նպատակով Լիբանան գտնուող Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան բժիշկները` գլխաւորութեամբ Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս եւ առաքելութեան խորհուրդի նախագահ Պերճ Աբգարեանի, երէկ` կիրակի, 6 մարտի առաւօտեան մասնակցեցան Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս. պատարագին, որմէ ետք հանդիպում ունեցան Արամ Ա. վեհափառին հետ: Նոյն օրը երեկոյեան անոնք ծանօթացման ընթրիք ունեցան լիբանանահայութեան հոգեւոր, պետական, ընկերային ծառայութեան մարզի եւ մամլոյ ներկայացուցիչներուն հետ: (Այս մասին աւելի մանրամասն կ՛անդրադառնանք մեր յառաջիկայ թիւով):

Արամ Ա. կաթողիկոս մեծապէս գնահատեց Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան բժիշկները` շեշտելով, որ բժշկութիւնը նաեւ կոչում է, որ մարդուն հետ կը ծնի եւ կը նպաստէ մարդոց կեանքի բարելաւման, զանոնք առողջ եւ յուսալի պահելու: Ան խօսեցաւ Լիբանանի մէջ ներկայիս տիրող դժուար կացութեան մասին` դիտել տալով, որ դեղորայքի չգոյութիւնը կամ անտանելի սղութիւնը, առողջապահական համակարգին մէջ տիրող անել վիճակը բժշկուելու կարելիութենէն զրկած են շատեր, ուստի այս առաքելութեամբ Լիբանան ուղղուած բժիշկները լաւագոյնս կրնան ծառայել լիբանանահայութեան: Խօսք առին նաեւ տոքթ. Էլի Թաշճեանն ու Պերճ Աբգարեանը, որոնք անդրադարձան այս նախաձեռնութեան տուն տուող պատճառներուն, ընդհանրապէս առաքելութեան, յատկապէս Լիբանանի մէջ իրականացուելիք աշխատանքին: Անոնք դիտել տուին, որ բժիշկներուն Լիբանանի մէջ ծառայութիւն մատուցելը նաեւ ընդառաջում է Արամ Ա. վեհափառին կողմէ հռչակուած «Սփիւռքի տարուան» ծիրին մէջ ուղղուած կոչին` կողք-կողքի ըլլալու եւ միասնաբար աշխատելու սփիւռքի լինելիութեան համար:

Նշենք, որ այսօր` երկուշաբթի, 7 մարտին, բժիշկները արդէն իսկ պիտի սկսին իրենց ծառայութեան ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ, անոնք իրենց առաքելութիւնը պիտի շարունակեն նաեւ երեքշաբթի, 8 եւ չորեքշաբթի, 9 մարտին, իսկ ուրբաթ, 10 մարտին նոյն նպատակով պիտի մեկնին Այնճար:

 

Նախորդը

Ուքրանական Պատերազմի Հետքերով

Յաջորդը

Հայաստանի Եւ Լիբանանի Միջեւ Դիւանագիտական Յարաբերութիւններու Հաստատման 30-ամեակին Առիթով. Ուղերձներու Փոխանակում Հայաստանի Եւ Լիբանանի Միջեւ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Հայաստանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը

November 7, 2026
ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.