Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Երդիքը Պարտաւոր Է «Երիտասարդանալ» (Ազդակ – 95-ամեակ)

March 5, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

«Բացառուած է որեւէ լրատուական ցանցի`
ինքնիրեն հետ խօսիլը»:

ՂԱՍՍԱՆ ՊԸՆ ԺԸՏՏՕ
(Վաստակաւոր լրագրող-վերլուծաբան)

Մաշտոցեան լեզուն գեղեցկօրէն բնորոշած է վերեւ յիշուած երիտասարդանալ չէզոք բայը: Կը կարդանք սա հոմանիշները` երիտասարդ դառնալ, աշխուժանալ, կենսաւորուիլ եւ այլն: Այլ հարց է, անշուշտ, թէ որքանո՞վ մեր հաւաքական կեանքին մէջ նման բառերու իմաստն ու գործադրութիւնը կ՛ապահովենք, միջավայր, հարթակ ու մթնոլորտ կը պատրաստենք յանուն ապագայ սերունդներու ապահովման եւ առաջադրանքներու կենսագործման:

Արդ, պիտի ըսուի, ինչո՞ւ նման մօտեցում կը ցուցաբերուի, այս պարագային, հայ լրագիրի, պաշտօնաթերթի թէ լրատուական ցանցի նկատմամբ: Պատասխանը` յստակ ու մեկին, որովհետեւ նմանօրինակ կառոյցներ եղած են ու են հայ իրականութեան ոգին ու մտածողութիւնը արտայայտողը, ինչպիսի՛ գոյն, ձեւ ու բնոյթ ալ ունենան անոնք:

ՀՅ Դաշնակցութեան լիբանանեան ընտանիքին պաշտօնաթերթը 95 տարիէ անխափան կը գործէ, կը լիցքաւորէ, կը լուսաւորէ ամբողջ հաւաքականութիւն մը` յայտնապէս կառչած մնալով իր առաքելութեան: Այդուհանդերձ, սա չի նշանակեր, որ որեւէ լրատուական ցանց թէ կառոյց, կրնայ տոկալ կեանքի մարտահրաւէրներուն դիմաց, եթէ երբեք իւրաքանչիւր քայլափոխի վերատեսութեան չենթարկէ իր անցած ուղին ու կատարած առաքելութեան ազդուութիւնը:

Բարեբախտաբար, «Ազդակ» տասնամեակներու ընթացքին կրցած է շրջանցել բազում դժուարութիւններ, վերանորոգուիլ եւ ընտելանալ արդի կեանքի տեսակ-տեսակ ըմբռնումներուն եւ պահանջներուն հետ: Սակայն կայ մետալին միւս երեսը` հայ իրականութեան մէջ առկայ բազմապիսի տագնապները (հայ գիրի ու ոգիի աղաւաղում, այլասերում, արտագաղթ, վարժարաններու փակում, ընթերցանութեան սոսկալի նահանջ, գեղարուեստական շունչի եւ որակի անկում եւ այլն):

Խոստովանիլ է պէտք, որ յոբելենական տարեդարձներու թէ յիշատակումներու առիթով գործածուած դասական բառերը, միտքերը սկսած են տակաւ կորսնցնել իրենց հնչեղութիւնը եւ դառնալ հնաբոյր, ժամանակավրէպ եւ ձանձրացուցիչ:

Պարզ ըսած, յարափոփոխ կեանքի թաւալքին զուգահեռ, եթէ մարդ քայլ չպահէ տուեալ ժամանակի պարտադրանքներուն հետ, չկարենայ ինքզինք ագուցել նորովի միտքերու, մօտեցումներու եւ գործելակերպերու, ապա, ստուգապէս, դէմ յանդիման պիտի գտնուի անախորժ երեւոյթներու եւ դժուարութիւններու:

Սա կեանքի օրինաչափութիւն մըն է, որմէ կարելի չէ խուսափիլ, աւելի՛ն` զայն ուրանալ, անգիտանալ, որովհետեւ նորարար մտածողութիւնը «հին»-ի մերժումը չէ, ո՛չ ալ աւանդական արժէքներու անտեսումը, այլ որակական ոստումն է, ճանապարհ մը դէպի ապագայ, առաւել հաստատուելու եւ բիւրեղանալու:

Այլ խօսքով` արդիականութիւնը, բարգաւաճումն ու երիտասարդացումը ոչ միայն հրամայական պահանջ դարձած են, այլեւ` մեր կեանքն ու գործունէութիւնը իմաստաւորող գործօններ են, աւելի՛ն` ապագայակերտ առաջադրանքներ:

Այս ընդհանրական մօտեցումին քովն ի վեր, ահա, հայ մամուլի ընտանիքին մէկ պատկառելի անդամին` «Ազդակ»-ի տարեդարձն է, որ այս օրերուն կը նշենք, ի լուր հայաշխարհին եւ մասնաւորաբար ՀՅ Դաշնակցութեան ամբողջ ընտանիքին:

Ի դէպ, թող զարմանալի չթուի խորագիրը, ո՛չ ալ տարօրինակ հնչէ անոր իմաստը, որովհետեւ իննսունհինգամեայ այս պաշտօնաթերթը իրերայաջորդ սերունդներու երդիքն է եղած, օճախը լուսաւորութեան եւ լուսամուտը ինքնազարգացման:

Իրօք, տասնամեակ առ տասնամեակ, հայ ընթերցողը, հրապարակագիրը, գրողը, արուեստագէտը միշտ ալ շեշտադրած են իրողութիւն մը անսեթեւեթ, որ հայ մամուլի մեծ ընտանիքին պատկանող «Ազդակ»-ը հանդիսացած է այն միջավայրը, ուր երիտասարդ գրիչներ ձեւաւորած են իրենց միտքերն ու գաղափարները, իսկ երէց սերունդի փաղանգներ կրցած են փոխանցել մտքի ու հոգիի ջերմութիւն:

Այլ խօսքով` դաշնակցական այս պաշտօնաթերթը կրցած է իր շուրջ համախմբել գրողներու թէ հրապարակագիրներու այնպիսի սերունդներ, որոնք յաջողած են իրենց գրութիւններով իւրովի փայլք տալ հայ իրականութեան: Փաստօրէն, իր ծնունդէն ի վեր, եւ սա անառարկելի փաստ է,  «Ազդակ»-ը հանդիսացած է ազգային ու մարդկային, քաղաքական ու գաղափարական, գիտութեան ու արուեստի հնոց:

Մտահան պէտք չէ ընել նաեւ այն, որ «Ազդակ»-ի էջերը հանդիսավայր եղած են հայ գիր ու գրականութեան, պատմութեան, մշակոյթի ու ազգային արժէքներու պահպանման եւ տարածման: Ճիշդ է, որ խօսքը առաւելաբար կը վերաբերի այն ժամանակներուն, երբ մտաւորական դասի, յօդուածագիրներու թէ ընդհանրապէս հայ մամուլի ծառայողներու «առատութիւն», պատկառելի թիւ ու որակ կար:

Այո՛, կային այս բոլորը, պարզ այն բացատրութեամբ որ գոյութիւն ունեցած են հայ դպրոցական ցանց ու մեծ թիւով աշակերտութիւն, եռուն թատրոն եւ արուեստի կրթարաններ, միութենական եւ հասարակական կառոյցներ, ազգային ու կուսակցական եռեւեփող կեանք, լիբանանահայութեան թիւ ու հայաշունչ մթնոլորտ եւ այլն, եւ այլն:

Միւս կողմէ, պարտաւոր ենք ընդգծել, որ նոր ժամանակներու կեանքի արագասոյր թաւալքը եւ վերոնշեալ գործօններու տակաւ նօսրացումը, չքացումը, արդէն բաւարար ազդակներ են ընդգծելու, որ հայ իրականութեան մէջ մամուլին հանդէպ սէրն ու հետաքրքրութիւնը բաւական նուազած են, այլափոխուած:

Անշուշտ, խօսքը կը վերաբերի իմացական աշխարհի մը կորուստին, որ առկայ էր մօտիկ անցեալին, որով կը հպարտանայինք ազգովին: Կարկինը լայն բանալով, արդար է ըսել, որ սա համաշխարհային երեւոյթ է, տագնապեցնող իրականութիւն, շատ անգամ մեզ հաւաքաբար մտատանջող: Այդուհանդերձ սա չի նշանակեր, որ յուսահատական  է պատկերը, իսկ ընելիքները` կազմալոյծ:

Այո՛, հաստատել է պէտք, որ գրաւոր մամուլը կ՛ապրի օրհաս եւ կը դիմագրաւէ դժուարին մարտահրաւէրներ: Ազգայինին առընթեր սա համամարդկային երեւոյթ է:

Արդ, պահ մը թողունք այսպէս ըսած տեսաբանական ու գործնապաշտական  հարցերը եւ կեդրոնանանք վերջին երկու տասնամեակներու «Ազդակ»-ի կեանքին վրայ, որպէսզի ըստ էութեան ընդգծենք, արձանագրենք եւ ի հարկին քննութեան առարկայ դարձնենք հետագայի ընելիքներու ուղղութիւնը:

Սեփական փորձառութեամբ իսկ պէտք է հաստատենք, որ  դաշնակցական ընտանիքի այս օրկանը պահեց ու պաշտպանեց ՀՅ Դաշնակցութեան, առաջին հերթին, քաղաքական-գաղափարական ուղղութիւնը: Աւելի՛ն` փորձեց ամէն գնով լոյսին բերել դաշնակցական արժէքներու եւ աւանդութեան հարստութիւնը:

Յայտնապէս, գեղարուեստական շունչի առկայութիւնը տեսանելի էին բազում բնագաւառներու մէջ («Ազդակ գրական»-ի, «Գուրգուրանք մայրենիին» արուեստի տարբեր նիւթեր ընդգրկող յօդուածներու եւ այլն): Բարեբախտաբար, «Ազդակ» մէկ ուղղութեամբ չընթացաւ, փորձեց ըստ կարելւոյն այլազանութեամբ պարուրուիլ եւ շէն պահել լրատուական թէ յօդուածագրութեան դաշտերը:

Այլ խօսքով` անիկա մասնաւոր սերունդի մը բեմը չեղաւ, պէտք չէ ըլլլայ, եւ իր կարգին աշխատեցաւ լսելի դարձնել իր խօսքը, կեցուածքն ու տրամադրութիւնը:

Առանց վարանումի կրնանք հաստատագրել, որ «Ազդակ» յաջողեցաւ ըլլալ հայ իրականութեան (Լիբանան, սփիւռք եւ Հայաստան) արձագանգը: Պահ մը զանց առնելով լրատուական բաժինը, որ առօրեայ ներկայութեամբ բաւարարած էր հայ ընթերցողը, պէտք է շեշտադրել, որ յօդուածագրութիւնը ընդհանրապէս ազատօրէն կը շնչէր եւ կ՛արտաբերուէր, անշուշտ, որոշակի սահմանագծումի առընթեր:

Ինչ կը վերաբերի աշխատակազմի փոփոխութեան, այսինքն` սերունդէ սերունդ  անցումին, այդ ալ, իր կարգին, ըստինքեան վերանորոգուեցաւ, վերաշխուժացաւ, փաստեց ինքզինք, սակայն մնաց ինքնաբաւի հոգեբանութեամբ տարուած:

Զանց առնելով կառուցային շնորհակալ աշխատանքներ (շէնք, գրասենեակներ, տարբեր բաժանմունքներ, սրահ, գրադարան, արխիւային յարմարութիւներ եւ այլն), որոնք թէեւ անհրաժեշտութենէ կը բխէին, սակայն ըստ իս, պէտք էր կեդրոնանալ եւ առանց յապաղումի`այս կառոյցի երիտասարդացումին վրայ:

Ճիշդ է, որ այս ուղղութեամբ տարուեցան որոշակի եւ էական աշխատանքներ` համախմբելով նորահաս սերունդի տղաք ու աղջիկներ, խորքին մէջ ատով բաւարարուիլը` տեսակ մը, նոյնինքն հաստատութիւնը պահեց միապաղաղ կեանքի յորձանուտին  յանձնուած: Ինչո՛ւ,  որովհետեւ լրագրութեան ասպարէզը` յօդուածագրութիւնը, գրաւոր մամուլի էութիւնը եւ մեր օրերու պահանջներն ու լրագրական ըմբռնումները շատ աւելին կը պահանջէին իբրեւ մարդուժի պատրաստութիւն եւ ծրագիրներու իրագործում:

Կրնայ առարկուիլ, թէ հոգեկան տուայտանքներու, արտասովոր վիճակներու, ներազգային կեանքի խառնափնթոր կացութիւններու եւ տնտեսական տագնապի ահաւորութեան դիմաց, ինչի՞ կը ծառայեն վերեւ յիշուած ակնկալութիւնները, հարցադրումներու տեսականին, որոնց քաջածանօթ է կառոյցը հաստատօրէն:

Արդ, պէտք է յստակացնել, որ երիտասարդացումի մեր ըմբռնումը լոկ տարիքի հարցին չի վերաբերիր, որքան մարդուժի պատրաստութեան առընթեր նաեւ ազատ խօսքի եւ տեսակէտներու ընդգծումին: Այլ խօսքով` եկած է ժամանակը, որ «Ազդակ» պէտք է ուղղակիօրէն խօսի իր շրջապատին հետ, մատնանշումներով եւ լիարժէք կեցուածքի արտայայտութեամբ: Խօսքը ոչ թէ կուսակցական կեանքին կը վերաբերի, այլ գաղութահայ իրականութեան, ուր առկայ են խայտաբղէտ հարցեր եւ մտահոգութիւններ:

Քաջ հաւատացողն ենք, որ ամէն ժամանակաշրջան իր խօսքը ունի` իր յստակ ու կողմնորոշող կեցուածքով: Յիշենք դաշնակցական մամուլին ծառայած տիտաններ, անշուշտ իրենց ժամանակին մէջ նկատի առած, ինչպէս` Ռուբէն Զարդարեան, Սիմոն Վրացեան,  Շաւարշ Միսաքեան, Վահան Նաւասարդեան, Կարօ Սասունի, Սարգիս Զէյթլեան, Բաբգէն Փափազեան, Վազգէն Էթիեմեզեան եւ ուրիշներ:  Անոնք շնորհիւ իրենց գաղափարական կոչումին, կամքին եւ ազգային անտեղիտալի ըմբռնումներուն, լոյսին կը բերէին այնպիսի գրութիւններ, որոնցմով կ՛եռեւեփէր իրականութիւն մը համակ, կ՛աշխուժանար ընկերութիւն մը առհասարակ:

Իրօք, ժամանակները տարբեր էին, իրենց դառնութեամբ թէ յաջողութիւններով: Աւելի՛ն. անոնք կը կողմնորոշէին, ճանապարհ ցոյց կու տային յօդուածագրութեամբ:

Մեր այսօրը փոխուած է` ըստ էութեան եւ ժամանակի պահանջներուն: Դաժան է մրցակցութիւնը բոլոր բնագաւառներուն մէջ, մարդկային արժանիքները սկսած են կորսնցնել իրենց հմայքը, գրաւչութիւնը: Մարդու հոգեւոր եւ իմացական աշխարհը ենթակայ է ամէնօրեայ յարձակումներու, իսկ հաւաքական կեանքի իւրաքանչիւր օղակ կ՛ապրի իր արհաւիրքը:

Մեր երդիքը, իր կարգին, կը փորձէ արագացնել իր քայլերը, ականջ տալ դարու պահանջին եւ հայութեան ներկայանալ պատուաբեր արդիւնքներով, սակայն, իր դէմ ցցուած մարտահրաւէրներու պատը տակաւ կը բարձրանայ, կը ճիւղաւորուի:

Արդ, ի՞նչ ընել, հաճոյանա՞լ, երբե՛ք, թուլանա՞լ, քա՛ւ լիցի, տեղի՞ տալ, բնա՛ւ:

Այո՛, երիտասարդանալ, արդիականանալ, աւելի՛ն` իմացական աշխարհի կաճառ դառնալ`  լոյս ու յոյս սփռելով հայ իրականութեան մէջ:

«Ազդակ»  պէտք չէ ինքնիրեն հետ խօսի, սա տկարութիւն է այլապէս, այլ բացուի երիտասարդական աշխարհին, որ ըսելիք եւ գրելիք ունի, անտարակոյս:

Ասոր կողքին, պարտաւոր ենք ազգովին, եթէ արդէն ուշացած չենք, գործով հանդէս գալ ու պաշտպանական համակարգի նոր առաջադրանքներ լոյսին բերել` յանուն հայ գաղութներու պաշտպանութեան եւ տոկունութեան:

Արդարեւ, դասական դարձած յօդուածագրութեան առընթեր, յոյժ կարիքը կայ հետաքննական լրագրութեան յանձանձումին, այսինքն, գոնէ մեր պարագային, ըլլալու հայ իրականութեան հայելին` իր յաջող եւ դառն երեսներով:

Նորահաս սերունդը պէտք է զգայ, որ հայ գրաւոր մամուլը իր բացմտութեամբ կը ներգրաւէ արդի մտածողութիւնն անգամ, անշուշտ հաւատքի, հաւատամքի եւ ազգային ըմբռնումներու տեսադաշտին ընդառաջ:

Իր կարգին, քննական ու հետաքննող միտքը, պահանջատէրը, ակադեմական իր առաւելութեամբ պարտաւոր է հայ արժէքային համակարգին երկրպագուն ըլլալ` սեփական պատմութիւնն ու մշակոյթը:

Արդար է ընդգծել, որ հայ գրաւոր մամուլի տնտեսապէս հզօրացումը, որ կը կատարուի ըստ կարելւոյն, պէտք է դառնայ նշանակէտ, որպէսզի արհեստավարժ եւ գիտական մտածողութեամբ յագեցած սերունդի մը ընտրանին ներքաշուի եւ ցոյց տայ իր մտաւորական ունակութիւնը: Խօսքը գնողական գրիչի մասին չէ, այլ գրիչի ու միտքի արժեւորման պարտադրանքն է ըստ ամենայնի:

Ինքնագոհի եւ ցուցամոլի նորովի համաճարակէ ձերբազատ, ուրիշին հետ խօսելու պատրաստակամութեամբ հոգեզինուած, այլ կարծիքներու ականջալուր, մեր երդիքին կը մաղթենք լաւագոյնը, արգասաբերը եւ յարատեւելու կամքը:

Դէպի հարիւրամեակ, բարի՛ երթ:

 

 

Նախորդը

Մօտեցաւ 100 Տարին

Յաջորդը

«Ազդակ»-ն ու Ես

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.