ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
Սովորաբար, երբ գիւղատնտեսական աշխատանքները կը հասնին իրենց աւարտին, գործերս կը նուազին, եւ կը սկսիմ «Ազդակ»-ը կարդալ առաւօտեան եւ ոչ թէ գիշերները, ինչպէս կ՛ըլլայ ընդհանրապէս տարուան մնացեալ ամիսներուն ընթացքին:
Հոս է, որ տեղացի յաճախորդներս, տեսնելով օրաթերթը սեղանիս վրայ, միշտ հարց կու տան.
– Այս թերթը այսօրուա՞ն թիւն է:
– Այս թերթը ո՞ւր կը տպուի, հո՞ս, Այնճարի մէջ, թէ Պէյրութի:
– Քանի՞ տարիէ ի վեր թերթը լոյս կը տեսնէ:
– Ի՞նչ կ՛ըսես, 95 տարի է թե՞րթ կը տպէք Լիբանանի մէջ:
– Որո՞ւ թերթն է, որեւէ կուսակցութեան կը պատկանի՞:
Եւ երբ իմանան, թէ թե՞րթը անխափան լոյս տեսած է 95 տարիներէ ի վեր եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պաշտօնաթերթն է, կը զարմանան. քաջալերական խօսքեր կ՛ըսեն եւ ոմանք իրենց հիացմունքը կը յայտնեն.
– Պրաւօ՛, դուք ամէն գնահատանքի արժանի էք:
– Երանի ամէն հաւաքականութիւն ճիգ թափէ իր պատկանելիութիւնը պահելու ձեզի պէս:
– Փաստօրէն ձեր կուսակցութիւնը ամէնէն հինն է Լիբանանի մէջ:
-Լիբանանը շատ բան կը պարտի հայերուն, որոնք ցեղասպանութենէն ազատելով հասան այս երկիրը եւ զարգացուցին զայն:
Ուրեմն, շատ պարզ եւ յստակ` 95 տարի շարունակ յանուն հայուն, յանուն հայոց լեզուին, յանուն Հայաստանին եւ Լիբանանին, եւ մանաւանդ` յանուն կեցուածք եւ կարծիք արտայայտող մամուլին, լոյս տեսած է «Ազդակ»-ը, որ հպարտութիւն, վստահութիւն եւ նուիրում կը ներշնչէ բոլորին: Կարելի է երեւակայել, թէ որքա՜ն ջանք եւ ճիգ թափուած է այս ընթացքը շարունակելու եւ միշտ վերելքի մէջ պահելու: Աշխատակիցներ, խմբագիրներ, տպողներ, ցրուիչներ, բարերարներ եւ իրերայաջորդ կեդրոնական կոմիտէներ յաջողցուցած են այս անխափան ընթացքը, որ արժանի է ոեւէ հայորդիի յարգանքին ու քաջալերանքին:
95-ամեակ, տարեդարձ, ուրախութեան եւ հպարտութեան առիթ: Յարգա՛նք 95 տարիներու ընթացքին մեր թերթը յառաջ տարած բոլոր հայորդիներուն:
Մօտեցաւ 100 տարին. 100 տարուան պայքար` հայը հայ պահելու Լիբանանի մէջ: Այդ աշխատանքի սիւներէն է «ԱԶԴԱԿ»-ը : Թող միշտ կանգուն մնայ հայկական այս վէմը:
Մուսա Լեռ- Այնճար


