Չորեքշաբթի, 2 Մարտ 2022-ի առաւօտեան ժամը 10-ին, Ազգային Առաջնորդարան այցելեց Կիպրոսի մօտ Յունաստանի նորանշանակ դեսպան՝ Պրն. Իուանիս Բաբամելէթիուն, որ դիմաւորուեցաւ Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանի կողմէ:
Աւելի քան ժամ մը հանդիպման ընթացքին առ հասարակ արծարծուեցան Կիպրոսի, Յունաստանի, Միջին Արեւելքի, Հայաստանի, Արցախի եւ Լիբանանի քաղաքական անցուդարձերն ու իրավիճակը: Յայտնենք, որ Պրն. դեսպանը վերոնշեալ երկիրները բացի Արցախէն, զանազան առիթներով գտնուած ու նաեւ պաշտօններ ստանձնած է տարբեր հանգամանքներով:
Սրբազան Հայրը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց պաշտօնական այցելութեան համար եւ յանուն հայութեան ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան իր երախտագիտութիւնը փոխանցեց Յունաստանի Պետութեան, որ 1996-ին պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ տասնամեակներ շարունակ նեցուկ կանգնած է հայութեան, հայրենիքին ու հայկական դատին: Կաթողիկոսական Փոխանորդը նաեւ բաւականին տեղեկութիւններ փոխանցեց Կիպրահայ գաղութի հոգեւոր, ազգային, կրթական, մշակութային, բարեսիրական ու մարզական կառոյցներու եւ աշխատանքներու մասին:
Պրն. Դեսպանն ու Սրբազանը դրուատիքով անդրադարձան յոյն եւ հայ ժողովուրդներու դարերէն եկող սերտ բարեկամութեան, մշակութային ժառանգութեան եւ աւանդութեանց մասին:
Աւարտին, Պրն. դեսպանը Սրբազան Հօր յանձնեց յուշանուէր մը:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ


