Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանի բացման մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-Շանվիլ մրցումը:
Անիկա աւարտեցաւ հիւր կազմին յաղթանակով` 69-63 արդիւնքով (25-25, 16-9, 20-20 եւ 8-9):
Մրցումին տեւողութեան, հիւր կազմը ունեցաւ մինչեւ 11 կէտի առաւելութիւն մը (47-36):
ՀՄԸՄ-էն 22 կէտ նշանակեց Էլիօ Ղոսըն, մինչ անոր խմբակից Տանիէլ Պաղտատեան տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (11 կէտ եւ 12 ռիպաունտ):
Իր կարգին, Էլիօ Սաատ տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (14 կէտ եւ 16 ռիպաունտ):
Իսկ Շանվիլէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Փաթրիք Պու Ապպուտ (22 կէտ եւ 10 ռիպաունտ):


