Հայաստանը ներկայացնող աթլեթները իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 5-8 մարտին, Պոլսոյ մէջ (Թուրքիա) տեղի ունենալիք պալքանեան երկիրներու ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ փակ մարզադաշտերու մէջ:
Հայաստանը պիտի ներկայացնեն 8 մարզիկներ, որոնց կարգին` Ռիոյի եւ Թոքիոյի ողիմպիական խաղերու երեք քայլ ոստումի մասնակից Լեւոն Աղասեան:
Պալքանեան երկիրներու ախոյեանութիւնը տեղի կ՛ունենայ 1929-էն ի վեր:
Հայաստան անոր սկսաւ մասնակցիլ 2013-էն ի վեր:
Առաջին անգամ անիկա տեղի ունեցաւ Աթէնքի մէջ (Յունաստան):
Նշենք, որ ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 23 երկիրներ:


