8 մայիսին Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ գտնուող «Սթատ տը Ֆրանս» մարզադաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսայի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ պիտի մրցին Նանթ եւ Նիս:
Նանթ աւարտականի իր տոմսը ապահովեց Մոնաքոյի հաշուոյն, երբ փենալթիներով 4-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իշխանապետական կազմը:
Մրցումին հիմնական ժամանակը աւարտած էր` 2-2 արդիւնքով:
Ինչ կը վերաբերի Նիսին, անիկա իր յաղթանակը արձանագրեց Վերսայի դէմ, 2-0 արդիւնքով:


