Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի բացման ծիրին մէջ, շաբաթ, 26 փետրուարին, տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս-Հուփս մրցումը:
Այս մրցումը, որ տեղի ունեցաւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի կազմին յաղթանակով` 65-56 արդիւնքով (13-19, 16-20, 20-3 եւ 16-14):
Այսպիսով, ՀՄԸՄ արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը:


