Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 27 փետրուարին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ մրցեցաւ Հատասի դէմ:
Այս մրցումը, որ տեղի ունեցաւ Պհամտունի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն յաղթանակով, որոնք արձանագրեցին 4-3 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Նշենք, որ իր կատարած առաջին մրցումին, ՀՄԸՄ-ի կազմը հաւասարութիւն մը արձանագրած էր:
ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Ճօ Ապու Ռըժէյլի (2 կոլ), Գօգօ Աւետիսեան եւ Ատիպ Քարքաֆի:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ ՀՄԸՄ 4 կէտով կը գրաւէ դասաւորման երկրորդ դիրքը` երկու կէտով ետ մնալով պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Սաֆա Շուիթէն, որ ապահոված է առաւելագոյն 6 կէտը:


