Գերմանական Քոթպուս քաղաքին մէջ աւարտած աշխարհի մարմնամարզութեան բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Հայաստանի հաւաքականի յառաջատար, Թոքիոյի ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր` Արթուր Դաւթեան յենացատկի մրցումներու աւարտականին գրաւեց առաջին դիրքը:
Եւրոպայի ախոյեանը, ապահովելով 14.983 կէտ, տիրացաւ ոսկի մետալին:
Նշենք, որ անկէ առաջ Հայաստանի հաւաքականէն արծաթէ մետալակիր դարձած էր Եւրոպայի փոխախոյեան Վահագն Դաւթեան, որ օղակներու մրցումներուն, ապահովեց 14.600 կէտ:
Նշենք, որ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Յակոբ Սերոբեան:


