Նոր Զելանտայի աղջկանց ֆութպոլի ազգային խումբի եւ անգլիական Լիվըրփուլի 25 տարեկան յետսապահ Մէյքայլա Մուր, Միացեալ Նահանգներու դէմ տեղի ունեցած մրցումին դարձաւ հեթրիքի հեղինակ, սակայն… իր իսկ խումբին բերդին մէջ:
Այս մրցումին, որ կ՛իյնայ «ՇիՊիլիվզ» բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, ան իր կոլերը նշանակեց 5-րդ, 6-րդ եւ 36-րդ վայրկեաններուն:
Այս կոլերը նշանակելէն ետք, մինչ արդիւնքը կ՛ընթանար 3-0, ան փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը:
Նշենք, որ այս մրցումը աւարտեցաւ Միացեալ Նահանգներու յաղթանակով` 5-0 արդիւնքով:


