Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով երէկ յայտարարեց, որ Տոնպասի շրջանին մէջ կացութիւնը շատ մտահոգիչ է: Ան ըսաւ, որ Տոնպասէն հաղորդուող լուրերը «իրապէս մտահոգիչ են եւ կրնան շատ վտանգաւոր ըլլալ»:
Լուկանսքի մէջ ժողովրդային պաշտպանութեան ստորաբաժանումները երէկ հաղորդեցին, որ ուքրանական զինեալ ուժերը կրակ բացած են հանրապետութեան մէջ գտնուող երկու գիւղերու ուղղութեամբ: ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Արեւելեան Ուքրանիոյ ճակատին վրայ ռմբակոծում տեղի կ՛ունենայ: Դիւանագիտական աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցող ռմբակոծումը 2015-էն ի վեր մեծագոյնն է»:
Լուկանսքի ժողովրդային հանրապետութիւնը յայտարարեց, որ ուքրանական բանակի երկու խումբեր փորձած են ներթափանցման գործողութիւն կատարել, որուն պատճառով ալ ուքրանացի երկու զինուոր սպաննուած է:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտարարեց, որ Ուքրանիան պէտք է Տոնպասի ներկայացուցիչներուն հետ բանակցութեան սեղան նստի: Ան նշեց, որ ներկայիս հակառակ հոլովոյթը տեղի կ՛ունենայ: «Ներկայիս Տոնպասի մէջ կացութեան մագլցում կը տեսնենք», ըսաւ Ռուսիոյ նախագահը:
Լուքաշենքօ իր կարգին նշած է, որ Պիելոռուսիան պատերազմ չ՛ուզեր, սակայն անհրաժեշտութեան պարագային պատասխանը համաչափ պիտի ըլլայ:
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Պրիւքսելի մէջ Եւրոպական Միութեան եւ Ափրիկեան միութեան վեհաժողովէն ետք կոչ ուղղեց դադրեցնելու զինուորական գործողութիւնները, որոնք Արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ «բազմապատկուած են», եւ ուր «ռուսական զինուորական ճնշումը չի նուազիր»:
«Կացութիւնը մեծ մտահոգութիւն կը յառաջացնէ: Կը թուի, որ վերջին ժամերուն շարք մը զոհեր արձանագրուած են», նշեց Մաքրոն:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն նշեց, որ Արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ վերջին 48 ժամուան ընթացքին տեղի ունեցող ռմբակոծումը Ուքրանիոյ դէմ յաւելեալ «յարձակում» արդարացնելու համար «կեղծ սադրանքներ» ստեղծելու, ապա անոնց հակադարձելու, «եւ ի վերջոյ Ուքրանիոյ վրայ նոր յարձակում գործելու» ռուսական ջանքերուն մէկ մասն է:
«ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ Տոնպասի ժողովրդային հանրապետութեան մայրաքաղաք Տոնեցքի մէջ մեծ պայթում մը արձանագրուած է: Լրատու գործակալութիւններու համաձայն, պայթումը տեղի ունեցած է Տոնեցքի կառավարութեան կեդրոնատեղիէն տասնեակ մեթրներ հեռաւորութեան վրայ: Տոնպասի ոստիկանութիւնը հաղորդեց, որ կառավարութեան շէնքին մօտ գտնուող կառատան մէջ ինքնաշարժ մը պայթած է:
Տոնեցքի նախագահ Տենիս Պոշլին նախապէս յայտարարած է Տոնեցքէն կիներու, մանուկներու եւ տարեցներու դէպի Ռուսիոյ Ռոսթով շրջան փոխադրումը: «Սփութնիք» հաղորդեց, որ գործողութիւնը սկսած է Տոնպասի մէջ կացութեան վատթարացման պատճառով:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ հաղորդեց, որ այսօր «ռազմավարական զսպման ուժերու» ռազմափորձեր պիտի սկսին զինեալ ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Վլատիմիր Փութինի ղեկավարութեամբ: Պիտի արձակուին միջցամաքամասային եւ թեւաւոր հրթիռներ:
Ռազմափորձերուն պիտի մասնակցին Ռուսիոյ հրթիռային զօրքերը, օդուժը, Հարաւային զինուորական շրջանը, Հիւսիսային եւ Սեւ ծովեան նաւատորմիղները:


