Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ նշած է, որ առաջարկած է յառաջիկայ շաբաթ Եւրոպայի մէջ հանդիպում ունենալ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ, «որովհետեւ այս տագնապը լուծելու միակ ձեւը դիւանագիտութիւնն ու երկխօսութիւնը կը նկատենք»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ ի պատասխան վերոնշեալին, ռուսական կողմը առաջարկած է հանդիպումը յառաջիկայ շաբթուան վերջաւորութեան կատարել, «եւ մենք կ՛ընդունինք այդ թուականը, պայմանով, որ Ռուսիան Ուքրանիոյ վրայ յարձակում չգործէ»:
«Պիտի շարունակենք մեր դաշնակիցներուն ու գործընկերներուն հետ համակարգում կատարել, եւ Ռուսիա-ՕԹԱՆ խորհուրդի ու ԵԱՀԿ-ի ճամբով Ռուսիոյ հետ յաւելեալ գործակցութեան ձգտիլ», նշեց նախարարութիւնը` շեշտելով. «Ուքրանիոյ կացութեան մագլցումը դիւանագիտական աշխատանք տանելու որեւէ լուրջ մտադրութեան բացակայութիւնը ի յայտ պիտի բերէ»:
Պլինքըն նախապէս յայտնած էր, որ Լաւրովի հետ յառաջիկայ շաբաթ Եւրոպայի մէջ հանդիպում առաջարկած է:
«ՌԻԱ Նովոսթի»-ի համաձայն, Միացեալ Նահանգներ Ռուսիոյ կ՛առաջարկեն հանդիպումներ ՕԹԱՆ-ի մէջ, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի մէջ:
Պլինքընի համաձայն, այդ հանդիպումները կրնան հիմք ծառայել երկու երկիրներու ղեկավարներու հանդիպման համար:


