Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ իր կատարած բարեկամական երկրորդ մրցումին եւս, Հայաստանի ֆութպոլի 19 տարեկանէն վար հաւաքականը յաղթանակ արձանագրեց Ղազախստանի իր հասակակիցներուն դէմ` առաջինին նման դարձեալ 1-0 արդիւնքով:
Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Սամուէլ Յակոբեան` 75-րդ վայրկեանին:
Նշենք, որ հայրենի կազմին գլխաւոր մարզիչն է Վարազդատ Աւետիսեան:


