Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տոնպասի Շփման Գիծին Մէջ Ուքրանական Եւ Ռուսամէտ Ուժերու Միջեւ Սուր Լարուածութիւն

February 18, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուքրանական զինեալ ուժերը երէկ առաւօտեան Լուկանսքի ժողովրդային հանրապետութեան հողերուն ուղղութեամբ 4 անգամ կրակ բացած են` օգտագործելով Մինսքի համաձայնութեան հիմամբ արգիլուած հրասանդներ, ապա այլ շրջանի ուղղութեամբ կրակ բացած: Այս մասին հաղորդեց Զինադադարի հսկողութեան միացեալ կեդրոնին մէջ Լուկանսքի ներկայացուցչական գրասենեակը:

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Լուկանսքի մէջ ոստիկանութիւնը ուքրանական ուժերուն հետ շփման գիծին մէջ սուր լարուածութեան մասին կը խօսի` յայտարարելով, որ հակադարձած է ուքրանական ուժերուն կողմէ շրջանի հարաւի ռմբակոծման:

Ուքրանիոյ մէջ «Մայատին»-ի լրագրողը իր կարգին կը հաղորդէ, որ Քիեւ իր կարգին Տոնպասի ուժերուն կողմէ ծանր զէնքերով 8 յարձակումներու մասին կը խօսի:

Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ Տուման երեքշաբթի օր քուէարկած էր Լուկանսքի եւ Տոնեցքի հանրապետութիւններու եւ Տոնպասի անկախութիւնը ճանչնալու օգտին: Քիեւ յայտարարեց, որ Մոսկուայի կողմէ նշեալ շրջաններու անկախութեան ճանաչումը պիտի նկատէ Մինսքի համաձայնութիւններէն Ռուսիոյ իրողական եւ իրաւական հեռացում` «անկէ բխող բոլոր հետեւանքներով»:

Զելենսքի.«Սահմանին Վրայէն Ռուսական Ուժերու Որեւէ Հեռացում Չնշմարեցինք»

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտնեց, որ ինք իր երկրի սահմաններէն ռուսական ուժերու որեւէ հեռացում չէ նշմարած` աւելցնելով, որ հակառակ ատոր, սահմանները «վերահսկողութեան տակ են»:

«Ներկայիս փոփոխութիւններ չենք տեսներ, այլ ուժերու մեծ կուտակում մը, որ վերջին շաբաթներուն ընթացքին չի փոխուիր, եւ ուժերու սահմանափակ վերադասաւորման գործողութիւններ կը տեսնենք: Չեմ կարծեր, որ այս գործողութիւնները կարելի է ռուսական ուժերու հեռացում որակել: Ուժերու հեռացման մասին կարելի պիտի ըլլայ խօսիլ միայն այդ հեռացումին տեղի ունենալէն ետք», աւելցուց Զելենսքի:

Ուքրանիոյ նախագահը նշեց, որ իր երկրին ու գործընկեր երկիրներու դիւանագիտական ջանքերը «իրենց արդիւնքը տուին», սակայն «Ռուսիոյ կողմէ մագլցողական քայլերու դադրեցման մասին խօսելու համար տակաւին կանուխ է»:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը երեքշաբթի օր յայտարարած էր, որ «Միութեան վճռականութիւն 2022» ռազմափորձի աւարտէն ետք հարաւային եւ արեւմտեան զինուորական շրջանները սկսած են ռազմափորձին մասնակից ստորաբաժանումները իրենց զօրանոցները վերադարձնել:

Նախորդը

Ռուսիան Կասպից Ծովուն Մէջ Ռազմափորձեր Կը Կատարէ

Յաջորդը

Դամասկոսի Հարաւային Գիւղական Շրջանին Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.