Ռուսիոյ կասպեան նաւատորմիղի 20 մարտանաւեր Կասպից ծովուն մէջ ռազմափորձերու սկսած են: Այս մասին կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս»-ը` յղում կատարելով Ռուսիոյ զինեալ ուժերու Հարաւային զինուորական շրջանի մամլոյ ծառայութեան:
Ռազմափորձերուն կը մասնակցին «Տաղստան» հրթիռային նաւը, փոքր հրթիռային «Կրատ Սվիաժսք», «Ուկլիչ», «Վելիքի Ուսթիուկ», «Մախաչքալա», «Ասթրախան», «Սթուփինեց», փոքր հրետանային նաւեր, մոթորանաւակներ եւ այլն:
Հարաւային զինուորական շրջանի մամլոյ ծառայութիւնը նշած է, որ շուտով նաւատորմիղի ռազմածովային մարտավարական խումբերը միացեալ ռազմափորձեր պիտի մշակեն մէկ մարտական կարգով շարժելու համար, ետ պիտի մղուին պայմանական հակառակորդի օդային յարձակման միջոցները եւ պիտի մշակեն ծովային մարտի վարժանքներու կատարումը, ինչպէս նաեւ պիտի իրականացուին գործնական հրթիռային եւ հրետանային կրակոցներ:


