Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

February 18, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 5211 վարակուածներ եւ մահացած 19 ուրիշներ:

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը նուազեցաւ 21.000 լ. ոսկիի:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը եւ շրջանը յուզող քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, 95 եւ 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 4800 լ. ոսկիով,  մազութը` 400 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազը` 300 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 357.200 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 367.200 լ. ոսկի, մազութը` 333.000 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազը` 280.300 լ. ոսկի:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդանաւեր երէկ թռիչքներ գործեցին Հասպայայի եւ Արքուպի վերեւ` ոտնձգութիւններ գործելով Լիբանանի գերիշխանութեան եւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան դէմ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար նշեց, որ ներկայ իշխանութիւնները կը վերահաստատեն, որ օրինական եւ բարոյական ոչ մէկ նկատառում կը կանգնեցնէ զիրենք, երբ հարցը կը վերաբերի իրենց անձնական եւ ընտրական շահերուն:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա յայտնեց, որ երկրին ապահովական կայունութեան պաշտպանութիւնը կը պարտադրէ, որ ապահովութեան ուժերը չներքաշուին քաղաքական տարակարծութիւններուն մէջ: Ան հարց տուաւ, թէ արդեօք այդ քայլերը կը միտին երեսփոխանական ընտրութիւնները չեղեա՞լ նկատել:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ իրենց համար զարմանալի չէ, որ ներկայ իշխանութիւններուն եւ Հըզպալլայի միջեւ դաշինքը կը շարունակէ քանդել հանրապետութեան հաստատութիւններուն մնացորդացը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները ոչինչ պիտի կարենան փոխել տիրող այս դժոխային կացութենէն, որուն հասած ենք նախագահ զօր. Միշել Աունի իշխանութեան եւ Հըզպալլայի քաղաքականութիւններուն պատճառով:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան թեկնածու Մըլհեմ Ռիաշի յայտնեց, որ կարելի չէ Լիբանանի մէջ կայունութիւն հաստատել` առանց ազդու եւ ամբողջական չէզոքութիւն որդեգրելու:

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ վերլուծաբան Ժոզեֆ Ապու Ֆատել յայտնեց, որ շիի երկեակը համաձայն գտնուած է Հասան Շքէյրը Պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէնի տեղակալ նշանակելու:

«ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութեան համաձայն, լիբանանեան պետութիւնը «Սէ. Էմ. Ա. Սէ. Ժէ. Էմ.» ֆրանսական ընկերութեան շնորհած է Պէյրութի նաւահանգիստի բեռնարկղերու տեղադրման վայրի օգտագործման, տնօրինման ու նորոգութեան պայմանագիրը, որ տասը տարուան տեւողութիւն պիտի ունենայ:

Նախորդը

Անդրադարձ. Փետրուարեան Ապստամբութիւն – 1921 Պոլշեւիկները Եւ Հայաստանի Որբերը

Յաջորդը

Քանաան. «Ելեւմուտքի Խորհրդարանական Յանձնախումբը Վաւերացուց 2020-ի Պետութեան Ծախսերը»

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.