Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:
Նախքան նիստը գումարելը, նախագահ Աուն հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Միքաթիի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Նիստին ընթացքին կառավարութիւնը համաձայն գտնուեցաւ, որ ներքին գործոց նախարարութեան փոխանցուի 40 միլիառ լ. ոսկի` հոգալու համար երեսփոխանական ընտրութիւններուն ծախսերը:
Նախագահ Աուն կառավարութեան նիստին ընդգծեց ծառայութիւններ մատուցող նախարարութիւններուն աշխատանքը աշխուժացնելու կարեւորութիւնը:
Երեսփոխանական ընտրութիւններուն առումով, հանրապետութեան նախագահը անհրաժեշտ նկատեց «մեկասենթըր»-ներու գոյութիւնը, որպէսզի քաղաքացիները կարենան դիւրաւ կատարել իրենց քաղաքացիական պարտականութիւնը` առանց ստիպուելու մեկնիլ իրենց գիւղաքաղաքները, որոնք կրնան հեռաւոր շրջաններու մէջ ըլլալ:
Նախագահ Աուն նկատել տուաւ, որ տնտեսական տագնապալի այս իրավիճակին ընթացքին փոխադրածախսի պարտաւորութիւնը կրնայ ազդել քուէարկողներու համեմատութեան նուազումին վրայ:
Վարչապետ Միքաթի ներքին գործոց նախարար Պասսամ Մաուլաուիէն պահանջեց պատրաստել ուսումնասիրութիւն մը, որուն հիման վրայ պիտի սերտուի քուէարկութեան հոլովոյթը դիւրացնող «մեկասենթըր»-ներ հիմնելու նախագահ Աունի պահանջը:
Միքաթի թելադրեց, որ այդ ուսումնասիրութիւնը անմիջապէս պատրաստուի, որպէսզի կարելի ըլլայ կառավարութեան յաջորդ նիստին զայն քննարկել:
Միւս կողմէ, վարչապետը նախարարաց խորհուրդի նիստին ընթացքին նկատել տուաւ, որ երկիրը շարք մը մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուի` աւելցնելով, որ կառավարութեան դերակատարութիւնն է գործադրել այն փրկարար նպատակները, որոնց համար կազմուած էր:
«Կառավարութեան այս առաքելութիւնը կը մնայ հիմնական, իսկ լիբանանցիները կը մերժեն բանավէճերը եւ կը պահանջեն կառավարութենէն, որ բարեկարգումներ եւ ծառայութիւններ իրագործէ», ըսաւ ան:
Վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ խորհրդարան փոխանցուած 2022-ի պետական ամավարկը աւելի քան ութ նիստերու ընթացքին մանրամասնութեամբ քննարկուած է եւ անիկա ներկայ պայմաններուն մէջ կարելի լաւագոյն տարբերակն է, որ լիբանանեան պետութեան ելեւմտական համակարգը կը կարգաւորէ: «Մենք թիւերու եւ իրողութիւններու հարկադրանքին տակ կը գտնուինք, եւ կարելի չէ զանոնք անտեսել», ըսաւ ան:
Նշենք, որ կառավարութեան երէկուան նիստը քննարկեց 18 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը, որուն մէջ հիմնականն էր ելեկտրականութեան թղթածրարի քննարկումը, եւ այդ պատճառով ալ նիստին իր մասնակցութիւնը բերաւ Ելեկտրականութեան ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Քամալ Հայեք:
Նիստին ընթացքին ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատ ներկայացուց ելեկտրականութեան մարզի բարելաւման նպատակով նախարարութեան պատրաստած ծրագիրը:
Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապի յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթի կոչ ուղղած է բոլորին հեռու մնալու յաւելաբանութիւններէ, յատկապէս նկատի ունենալով, որ 90 օր ետք երեսփոխանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան, եւ այս իմաստով պէտք է միասնաբար գործել:
Հալապի յայտնեց, որ կառավարութիւնը իր նիստին ընթացքին նշանակումներու թղթածրար չէ քննարկած:
Անդրադառնալով ելեկտրականութեան մարզի բարելաւման ծրագիրին, Հալապի յայտնեց, որ կառավարութիւնը յետաձգած է անոր համաձայնութիւն շնորհելը` նախարար Ֆայեատէն պահանջելով զայն արաբերէնով ներկայացնել նախարարաց խորհուրդին:
Հալապի նշեց նաեւ, որ Ֆայեատէն պահանջուեցաւ ներկայացնել ծրագիր մը, որ կը կարգաւորէ ելեկտրականութեան մարզը, ինչպէս նաեւ այլ ծրագիր մը, որ վերատեսութեան կ՛ենթարկէ ելեկտրականութեան սակն ու հաշուիչներ զետեղելու կարելիութիւնը:
Ելեկտրականութեան մարզի բարելաւման նպատակով ներկայացուած ծրագիրին նկատմամբ վստահութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով Հալապի ըսաւ. «Չենք վստահիր, մինչեւ լոյսը չտեսնենք»:
Իր կարգին, Ֆայեատ Հալապիին պատասխանեց հետեւեալ կերպով. «Լոյսը տեսնելու համար միջազգային ընտանիքը եւ հիմնական ֆինանսաւորում ապահովողը, այսինքն` Միջազգային դրամատունը, մեզմէ կը պահանջեն վաւերացնել ելեկտրականութեան ծրագիրը: Հետեւաբար, առանց ծրագիրը վաւերացնելու լոյս կարելի պիտի չըլլայ տեսնել»:
Պատասխանելով լրագրողներու այս հարցումին, թէ ինչո՞ւ վարչապետ Միքաթիի հետ ուժանիւթի նախարարը թէժ քննարկում ունեցած է, Ֆայեատ յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթիի հետ քննարկումը թէժ էր, որովհետեւ անիկա շինիչ էր:
Ֆայեատ անդրադարձաւ նաեւ շիի երկեակի նախարարներուն այն կեցուածքին, թէ իրենք կը մերժեն ելեկտրականութեան սակի բարձրացումը, նախքան` ելեկտրական հոսանքի մատակարարման ժամերու յաւելումը, ըսելով. «Կը բաժնեմ անոնց կարծիքը, եւ կրնաք նկատել, որ այս իմաստով համակարծիք ենք»:
Ֆայեատ մաղթեց, որ բոլորը լաւատես ըլլան, որովհետեւ ինք լաւատես է` ելեկտրականութեան մարզը բարելաւելու ծրագիրին վաւերացման հաւանականութեամբ:


