Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռաֆիք Հարիրիի Սպանութեան 17-րդ Տարելիցին Առիթով Վարդեր Ու Աղօթք` Անոր Շիրիմին Մօտ

February 16, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան 17-րդ տարելիցին առիթով պետական այրեր, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով լիբանանցիներ նախանցեալ օր այցելեցին անոր դամբարանը, ուր զետեղեցին վարդեր, ծաղկեպսակներ եւ մատուցեցին աղօթք:

Առաջին տարին ըլլալով Մուսթաքպալ հոսանքը յիշատակի ձեռնարկ մը չկազմակերպեց:

Իր հօր սպանութեան տարելիցին առիթով նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի այցելեց Պէյրութ:

Ան Մոհամետ Ամին մզկիթի շրջափակը ուղղուեցաւ իր հօրաքրոջ` երեսփոխան Պահիա Հարիրիի, հօրեղբօր` Շաֆիք Հարիրիի, քրոջ` Ժումանայի եւ «Նահար» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Նէյլա Թուէյնիի ընկերակցութեամբ, եւ աղօթք մատուցեց իր հօր յիշատակին:

Նշենք, որ նոյն օրն իսկ` 14 փետրուարի երեկոյեան Սաատ Հարիրի մեկնեցաւ Պէյրութէն` վերադառնալով Ապու Տապի:

Հարիրիի դամբարանը այցելեցին նաեւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ, անոր զաւակը` երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ, Ժոմպլաթ ընտանիքը, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով հոգեւորականներ, դիւանագիտական ներկայացուցիչներ եւ լրագրողներ:

Նախարար Պասսամ Մաուլաուի դամբարանին մօտ կատարած յայտարարութեան մէջ շեշտեց, որ կառավարութիւնը կառչած կը մնայ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու ընտրանքին:

Ուալիտ Ժոմպլաթ դամբարանին դիմաց կատարեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ իրենցմէ կ՛ակնկալուի տոկալ, եւ իրենք պիտի տոկան:

Հարիրիի նահատակութեան յիշատակին առիթով Ամալ շարժումը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրի ներկայացուցած է չափաւորականութեան ուղին, որուն Լիբանան խիստ կարիք ունի:

Երեսփոխան Ֆարիտ Հայքալ Խազեն յայտնեց, որ 14 փետրուար 2005-ը Լիբանանի պատմութեան մէջ սեւ էջ մըն է, որ պիտի չջնջուի: Ան շեշտեց, որ Ռաֆիք Հարիրի պետականութեան, հաստատութենականութեան եւ չափաւորականութեան խորհրդանիշն էր:

Տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Սամի Ապի Մունա խստիւ դատապարտեց Հարիրիի դէմ գործուած սպանութիւնը եւ կոչ ուղղեց որդեգրելու ճակատագրական որոշումներ, որոնք կրնան փրկել երկիրը:

Մուսթաքպալ պլոքի անդամ, երեսփոխան Ուալիտ Պաարինի յայտնեց, որ Հարիրիի նահատակութիւնը ազատ շնչող եւ գործող իւրաքանչիւր քաղաքացիի համար մեծ բաց մը ձգած է:

Մուսթաքպալ պլոքի անդամ, երեսփոխան Մոհամետ Քապպարա յայտնեց, որ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութենէն ի վեր Լիբանան սուղ կը վճարէ այդ նահատակութեան գինը:

Մուսթաքպալ պլոքի անդամ, երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ իրենք 17 տարիէ ի վեր Լիբանանի մէջ կը վկայեն ուրացումի վիճակ մը, ինչպէս նաեւ մերժում` բարեկարգումի եւ Լիբանանի շահերուն յանձնառու մնալու բոլոր հրաւէրներուն:

Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Անուար Խալիլ յայտնեց, որ նահատակ Ռաֆիք Հարիրին միշտ կենդանի պիտի մնայ իրենց ներկային ու խիղճերուն մէջ:

Նախկին երեսփոխան Միշել Ֆարաոն յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքի նախագահ, երեսփոխան Սաատ Հարիրիի կողմէ տրուած որոշումը, որուն հիման վրայ ան պոյքոթի ենթարկեց քաղաքական կեանքին մէջ իր մասնակցութիւնը, իր դրդապատճառներով եւ հետեւանքներով նման է նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան:

Հանրապետութեան նախկին միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի շեշտեց, որ Լիբանան Ռաֆիք Հարիրիի կարօտը ունի` աւելցնելով, որ անոր յիշատակը վառ կը մնայ: «Մենք միշտ կը յիշենք անոր կեցուածքները, որոնց շրջագիծին մէջ կը հաստատենք, որ Լիբանան չի կրնար համաձայն գտնուիլ սիոնական թշնամիին հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման», ըսաւ ան:

Նախորդը

«Լիբանան Կարիքը Ունի Միջազգային Ընտանիքին Գործակցութեան` Աղբահանումի Մարզի Ամբողջական Տնօրինումը Բարելաւելու Համար» Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Համաձայն Գտնուեցաւ Հոգալու Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Ծախսերը

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.